Յօդուածներ

Եւրոպական Խ​որհրդարանին Մէջ Փաշինեան Կը Բացայայտէ Իր Վէճերը Եկեղեցւոյ Եւ Կուսակցութիւններուն Հետ

 

Յարութ Սասունեան

Advertisement Subscribe Today

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախորդ շաբաթ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալով, մեղք գործեց` յարձակելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն եւ Հայաստանի իր քաղաքական հակառակորդներուն վրայ: Անկախ ներքին տարակարծութիւններէն, անընդունելի է, որ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը վարկաբեկէ իր սեփական ժողովուրդը օտարերկրեայ լսարանին առջեւ: Ան պէտք չէ իր ներքին հակառակորդներուն հետ վէճերը տարածէ Հայաստանի սահմաններէն դուրս:

Մարտ 11-ին Սթրազպուրկի մէջ Փաշինեան իր խօսքը սկսաւ ինքնագովութեամբ․ «Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասին մէջ տեղի կ՛ունենան այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք հարիւրամեայ նշանակութիւն ունին, եթէ չըսեմ՝ հազարամեայ»: Իրականութեան մէջ սակայն, անոր անընդհատ զիջումները՝ Ալիեւին եւ Էրտողանին, ծունկի բերած են Հայաստանը:

Այնուհետեւ ան սկսաւ խօսիլ Ատրպէյճանի հետ գոյութիւն չունեցող «լիարժէք խաղաղութեան» մասին` տակաւին խաղաղութեան որեւէ պայմանագիրի ստորագրութենէն շատ առաջ:

Փաշինեան կրկնեց այլ կեղծ պնդում մը եւս՝ Հայաստանով անցնող եւ Արեւելեան Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբուն մասին: Այսպէս կոչուած «Թրամփի ուղի»-ն (TRIPP) ներառուած էր Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ Փաշինեանի, Ալիեւի եւ Թրամփի կողմէ ստորագրուած հռչակագիրին մէջ: Հռչակագիրին մէջ «Թրամփի ուղի»-ն կը նկարագրուի իբրեւ Հայաստանի տարածքով անցնող «անխոչընդոտ» ճամբայ` պահանջով Ալիեւի, որ այս ճամբան կը կոչէ «միջանցք»` ենթադրելով, թէ այն հայկական տարածքը, որով կ՛անցնի անիկա, կը պատկանի Ատրպէյճանին։

Թէեւ վարչապետը իրականութեան մէջ վնաս կը հասցնէ երկրին, բայց եւ այնպէս ան ինքզինք ներկայացուց իբրեւ Հայաստանի փրկիչ` յայտարարելով. «2024 թուականի մարտ-ապրիլ ամիսներուն մենք հասած էինք Հայաստանի պետականութեան եզրին ու եթէ 2024 թուականի ապրիլին մենք չկայացնէինք Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացը մեկնարկելու որոշում, Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր պիտի ըլլար ոչ թէ անկախ պետութիւն, այլ առաւելագոյնը` արտաքին կառավարման ներքոյ գտնուող տարածք»: Այս յայտարարութիւնը կտրուած է իրականութենէն եւ զառանցանք է:

Ապա Փաշինեան ըսաւ. «Իսկ մենք ինչպէ՞ս լուծեցինք այդ խնդիրը։  Մենք խօսեցանք մեր գործատուին` ժողովուրդին հետ»: Իրականութեան մէջ, սակայն, հակառակ 2018 թուականի գարնան հանրութեան հետ խորհրդակցելու խոստման, Փաշինեան երբեք ժողովուրդին կարծիքը չի հարցներ: Ան պետական բոլոր որոշումները կու տայ առանձին` շրջանցելով կառավարութեան նախարարները, Ազգային ժողովն ու նախագահը: Երկիրը վերածուած է մէկ հոգիի շոյի, փաստօրէն` բռնապետութեան:

Փաշինեան հերքեց, թէ՝ «Հայաստանի կառավարութիւնը կը սահմանափակէ խղճի ազատութիւնը, թէ՝ Հայաստանի մէջ բռնապետութիւն կը հաստատուի, թէ՝ Հայաստանի մէջ կան քաղաքական բանտարկեալներ»: Հակառակ իր հերքումներուն` երեք պնդումներն ալ ճիշդ են: Ան մեղադրեց՝ «Եկեղեցւոյ փաստացի պետը…, գործակալ հոգեւորականները եւ անոնց փոխկապակցուած  որոշ լոպիական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները»: Իրականութեան մէջ, հոգեւորականներն ու ընդդիմադիր խմբաւորումները վերջին ջանքերը ի գործ կը դնեն երկիրը անոր կործանարար քաղաքականութենէն փրկելու համար:

Հեգնական է, որ Փաշինեան կը խօսի օրէնքի գերակայութեան մասին` միաժամանակ խախտելով գրեթէ բոլոր օրէնքները, որոնց կարգին` սահմանադրութիւնը, միջամտելով Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Ինք կ՛ուզէ որոշել, թէ ո՛վ պէտք է ըլլայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ գլուխը, եւ թէ հոգեւորականները ի՛նչ կրնան ըսել իրենց քարոզներուն մէջ։ Ան մեղադրեց հոգեւորականները օտար երկիրներու գործակալներ ըլլալու մէջ` առանց որեւէ ապացոյց ներկայացնելու: Եթէ ասիկա ճիշդ ըլլար, կառավարութիւնը իրաւական քայլերու պէտք էր ձեռնարկէր։

Իր 26 վայրկեան տեւած ելոյթին աւարտին Փաշինեան նսեմացնող ձեւով անդրադարձաւ «Ղարաբաղի» հայերուն` յայտարարելով, որ անոնց «սին յոյսեր» կու տան: Ի տարբերութիւն անոր պարտուողականութեան, Արցախի հայերը յոյս ունին վերադառնալու իրենց հայրենիքը, երբ հանգամանքները թոյլ տան: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Արցախի հայերը՝ «պէտք է ստանան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն»` հակառակ անոր որ անոնք Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ ունին: Փաշինեան կը մերժէ անոնց Հայաստանի քաղաքացիութիւնը, որպէսզի կանխէ յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոնց մասնակցութիւնն ու իրեն դէմ քուէարկութիւնը։

Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ղեկավարներու ազատ արձակումը ապահովելու գծով իր անյաջողութենէն ուշադրութիւն շեղելու նպատակով ան յիշատակեց յունուարին Ատրպէյճանի կողմէ ազատ արձակուած չորս հայ գերիները: Ան չբացայայտեց, որ զանոնք փոխանակած էին երկու սուրիացի ժիհատական վարձկաններու հետ, որոնք ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էին Հայաստանի մէջ` 2020 թուականի պատերազմին Ատրպէյճանական կողմին հետ կռուելու ատեն գերի իյնալէ ետք:

2019 թուականին, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ), ես յօդուած գրեցի` գովաբանելով անոր ելոյթը եւ, մասնաւորաբար, պատգամաւորներուն հարցումներուն անոր ինքնաբուխ պատասխանները: Իմ յօդուածիս վերնագիրն էր` «Փաշինեան յաջողութեամբ յանձնեց առաջին քաղաքական քննութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ»:

Քանի մը ժամ անց Փաշինեան իմ յօդուածս տեղադրեց Դիմատետրի իր էջին վրայ՝ աւելցնելով հետեւեալ նախաբանը. «Ուրախ եմ, որ սփիւռքի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկը` «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ը, այսպէս կը գնահատէ ԵԽԽՎ-ի մէջ իմ ունեցած ելոյթս»: Անոր գրառումը ստացաւ 3900 «լայք», կատարուեցան 181 մեկնաբանութիւններ, իսկ 195 անձեր բաժնեկցեցան գրառումը։

Քանի մը ամիս ետք, երբ այցելեցի Հայաստան, վարչապետը զիս ընդունեց իր գրասենեակին մէջ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին  մենք քննարկեցինք Հայաստանի առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրները, ինչպէս որ կատարած եմ Հայաստանի նախորդ բոլոր ղեկավարներուն հետ:

Նկատի ունենալով քննադատութեան նկատմամբ Փաշինեանի զերօ հանդուրժողականութիւնը, կը կասկածիմ, թէ հիմա ան իմ նոր յօդուածս պիտի տեղադրէ Դիմատետրի իր էջին վրայ, առաւել եւս` երախտագիտութիւն պիտի յայտնէ:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button