Յօդուածներ

ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԳՈՐԾԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑ ԵՒ ՏԱԿԱՒԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԳՈՐԾԵՐ ՈՒՆԻ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ

Հ.Յ.Դ. 135-ամեակին Առթիւ

Մարիա Գաբրիէլեան

«Գանձասար»

Երկունքը երկնակամարի երկայնքով երիզներ շարեց ու անոնց վրայ մէկ առ մէկ արձանագրեց դէպքեր, դէմքեր ու իրողութիւններ, որոնք ամ ըստ ամէ ամրագրեցին իրենց անհրաժեշտութեան փաստը։

Երկունքն ինքնին պայքար էր։

Երկունքը խոկումներու բառային արտայայտութիւններ շնորհեց ու այդ արտայայտութիւններու գաղափարական հանգանակը ձեւաւորեց։
Հանգանակի հոլովոյթը նուիրումն էր։

Advertisement Subscribe Today

Երկունքի օրը դարձաւ պատշաճ առիթ քննական մտածողութեամբ վերադիտելու անցեալը եւ իրատեսական տուեալներով կերտելու ապագան։
Քննարկման արդիւնքին չափանիշը ծառայութիւնն էր։

Անարդարութեան մերժումը, կեղեքման դատապարտումը, հարստահարութեան հետապնդումը, հայրենասէր միտքերը, ազգասէր գաղափարներն ու ծառայասէր խոհերը կողք կողքի եկան եւ ծնունդ տուին կուսակցութեան մը, որ հայ մարդու արժանապատուութենէն, հայրենիքի անկախութենէն եւ ազգի վեհանձնութենէն աւելի բարձր արժէքներ չունեցաւ։
Աշխարհը լի է անթիւանհամար կազմակերպութիւններով, կուսակցութիւններով, միութիւններով, հաստատութիւններով։ Հայ իրականութեան մէջ եւս ունինք կազմակերպուած, հայրենասէր ու ծառայասէր բազմաթիւ հաւաքականութիւններ, սակայն անոնց մէջ իր իւրայատուկ դաւանագրով՝ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցաւ, ունի եւ պիտի ունենայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։

Կային դաշնակցականներ, կային գործող խումբեր, երբ տակաւին չէր ծնած Դաշնակցութիւնը։ Այդ խումբերը իրենց գործունէութեամբ հայ ժողովուրդի ձգտումները կը մարմնաւորէին։ Արեւմտահայաստանի մէջ, քաղաքական, ապահովական ու տնտեսական ծանր պայմաններու տակ կքած հայ մարդը իր մղումներն ու ձգտումները իրականացնելու երբեմն հնարաւորութին, երբեմն պատեհութիւն, երբեմն ալ քաջութիւն չունէր, անդին կը գործէին գոյութիւն չունեցող այդ հնարաւորութիւնները ստեղծող, պատեհութիւնները ձեւակերպող քաջեր, որոնց դաշնակցականներ կ’անուանէին, երբեմն խենթեր, երբեմն անհասկնալիներ, բայց ընդմիշտ նուիրեալներ։

Այդ նուիրեալ խենթերը չունէին անձնական նպատակներ, շահեր, հետապնդումներ, անոնց հետապնդած միակ շահը ժողովուրդին շահն էր, անոր բարիքն ու բարօրութիւնը, անոր անդորրն ու արժանապատուութիւնը։ Անոնք երդուած էին ծառայել, պայքարիլ ծառայելու համար, պայքարիլ նուիրական գաղափարներու համար։

Այս նուիրեալ խենթերը ծնունդ տուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու ոչ միայն բառերով, այլեւ գործերով բանաձեւեցին անոր գաղափարաբանութիւնը։

Դաշնակցութեան գաղափարական հանգանակի հիմնասիւները ամրապնդուեցան ծառայութեան ու հայրենասիրութեան ուժեղ գետնի վրայ։

Ընկերվարութիւն, ժողովրդավարութիւն, ազատութիւն, անկախութիւն, ազգ ու հայրենիք, անհատ ու հաւաքականութիւն, դաշնակցութիւն ու կազմակերպութիւն իրենց իւրայայտուկ արտայայտութիւնները ստացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դաւանանքի մէջ։

Ընկերվարութեան Դաշնակցութեան տեսաբանութեան մէջ երկրի հարստութեան տէր պուրժուազիայի եւ օրապահիկի հոգը ունեցող պրոլետարիայի անողոք պայքարի միջոցները կը քննարկուէին։ Դաշնակցութիւնը վճռեց ի գործ դնել ամէն հնարք ընկերվարական սկզբունքները պահպանելու համար։ Հաւատարիմ իր աւանդական ոգիին, իբրեւ էապէս ժողովրդական կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւնը տնտեսական անհաւասարութեան դէմ վճռեց մաքառիլ պատշաճ բոլոր միջոցներով։ Այո՛, մաքառում ու պայքար։

Ընկերվարութեան իտէալը Դաշնակցութեան համար անհող ու անխարիսխ ցնորք չեղաւ, այլեւ իրագործելի հնարաւորութիւն մը, որովհետեւ ան միայն իրերու տարերային ընթացքէն չբխեցաւ, այլեւ կամքի ու ազնիւ հոգիի տէր զանգուածներու կամ անհատներու խիղճէն ու բանականութենէն։ Այո՛, նուիրեալ ծառայասէրի բանականութենէն։ Դաշնակցութիւնը աշխարհ եկաւ իբրեւ ընկերվար կուսակցութիւն, գործեց եւ պիտի շարունակէ ապրիլ ու գործել իբրեւ այդպիսին։

Դաշնակցութեան քաղաքական պահանջը գլխաւորաբար ձեւաւորուած էր անկախութիւն բառով։

Դաշնակցութեան տեսաբանութեան մէջ Հայաստանի ձեւակերպումը ժողովրդավար անկախ հանրապետութեամբ է։

Գաղափարաբանական այս հիմքը մարմին ստացաւ 1918-ին, երբ 28 Մայիսին հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը։ Այո՛, այդ անկախութիւնը ամբողջական չէր, որովհետեւ ընդգրկած էր միայն Արեւելեան Հայաստանը, մինչ ամբողջական Հայաստանի անկախութեան համար տակաւին հեռու մնացող հայրենի տարածքներ կային ու կան, տարածքներ, որոնց կանչը կը լսենք, սակայն տակաւին չենք տեսներ զանոնք, տափաստաններ, որոնք հայ գեղջուկի քրտինքին ծարաւ են, խոպան արտեր, որոնք շինականի մշակման կարօտ են, կաղնիներ ու ընկուզենիներ, որոնք իրենց հովանիին ներքեւ զրուցող հողին տէրը եղող երիտասարդներու պապակն ունին։

Դաշնակցութիւնը պայքարեցաւ եւ պիտի պայքարի ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ազատութեան ու անկախութեան համար։

Ճշմարիտ ընկերվարը չի կրնար ժողովրդավար չըլլալ։ Ժողովրդավարութիւնը կը խորհրդաւորէ ազատ մարդը, իբրեւ ինքնարժէք եւ հաւասարարժէք մեծութիւն, որ պիտի դառնայ ազատ կեանքի քաղաքական հիմքը։

Դաշնակցութեան ծնունդէն ի վեր ազգն ու հայրենիքը անփոխարինելի, անվիճելի արժէքներ մնացին։

Դաշնակցութիւնը միշտ ալ յորդորած է դէմ դնել միապետական եւ բռնակալ ուժերու, ձեռք բերել ազգերու համերաշխութիւն, աշխատանքի ապահովութիւն, խղճի, խօսքի, համոզմունքի ազատութիւն։ Դաշնակցութեան դաւանագիրը ազատութեան գաղափարին նկատմամբ հաւատարմութեան ուխտն ունի։ Անոր առաջին ու վերջին նպատակը մարդը մարդ պահելն է, իսկ այս կարելի է միայն այն ժամանակ երբ մարդը ազատ է։ Դաշնակցութիւնը մարդու ազատութեան, ազատ միտքի, խօսքի ու գաղափարի համար պայքարեցաւ, նուիրուեցաւ ու ծառայեց։

Այս պայքարը աշխարհագրական տարածքներ չսահմանափակեց, այս պայքարը տեղի ու ժամանակի արգելքներ չունեցաւ։ Այնտեղ ուր պէտք էր հայուն օգնել, սատարել, թեւ ու թիկունք կանգնիլ ապա Դաշնակցութիւնը այնտեղ պայքարեցաւ։ Ժողովուրդի ծառայութեան համար պայքարեցաւ՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ։ Հայրենիքի մէջ, յանուն անոր բարօրութեան ու արժանապատուութեան պաշտպանման 135 տարի պայքարեցաւ եւկը շարունակէ պայքարիլ։

Պայքարեցաւ Արեւելեան ու Արեւմտեան Հայաստան հայրենիքներուն համար, պայքարեցաւ Արցախ հայրենիքին համար եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ մինչեւ ամբողջական հայրենիքի վերակառուցումը։ Սփիւռքի մէջ պայքարեցաւ յանուն հայ մարդը հայ պահելու, յանուն անոր անվտանգութեան ապահովման, յանուն պատմութեան, մշակոյթի, գիր ու գրականութեան, աւանդութեան ու բարքերուն։ Սփիւռքի մէջ նուիրական պայքար կարելի եղաւ տեսնել տագնապող գաղութներու ու համայնքներու մէջ, ամենացայտուն օրինակը անցնող տասնհինգ տարիներուն սուրիահայ համայնքի ապրած ամէն չափի ու տեսակի, ամէն գոյնի ու որակի ճգնաժամերուն Դաշնակցութեան ցուցաբերած նուիրական աշխատանքն էր, նուիրական պայքարը ու նուիրական ծառայութիւնը։ Դաշնակցութիւնը հասաւ անօթեւանին, տարբեր տեսակի կարիքաւորներուն, պահեց ու պահպանեց դպրութեան կեդրոնները, որովհետեւ կը հաւատայ, որ սփիւռքի հայութիւնը հայ պահող մայր երակներն են անոնք։ Պահեց հայ մշակոյթը եւ ամենակարեւորը ապահովեց հայ մարդու անվտանգութիւնը։

135 տարի գործելով՝ Դաշնակցութիւնը պահեց իր դաւանանքը, իր դրօշը, իր քայլերգը։

Դաշնակցութեան վարդապետած գաղափարները՝ յաղթանակած գաղափարներ են առ այսօր։ ՀՅԴ-ի ծնունդով Հայ ժողովուրդի քաղաքական զարթօնքը, որ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն թափ ստացած էր, ստացաւ յեղափոխական-մարտական դիմագիծ, հիմնովին փոխելով հայ մարդու համակերպող տիպարը։

Դաշնակցութիւնը ծնունդ տուաւ հայու նոր տիպարի, որ յեղափոխական վճռակամութեամբ եւ բարոյական ազնուականութեամբ, հանդիսացաւ հայութեան քաղաքական եւ տնտեսական ազատագրումի մարմնացումը։

Դաշնակցութիւնը արդարացուց իր գոյութիւնը, որովհետեւ իր ամբողջ գործունէութիւնը շաղախեց պայքարով, նուիրումով ու ծառայութեամբ։

135 տարի բազմաթիւ գործեր կատարեց եւ տակաւին բազմաթիւ գործեր ունի կատարելիք։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button