ԳլխաւորԼրահոս

Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Նամակներ Յանձնուեցան ՄԱԿ-ի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներուն

ԺԸՆԵՒ․- ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանի ընթացքին, Արցախի Ազգային Ժողովին կողմէ կեանքի կոչուած Արցախի Ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Մարիօ Նալպանտեան հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մարդու իրաւունքներու, փախստականներու հարցերով, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Նալպանտեանի կողմէ ներկայացուած հարցերը՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն վերաբերեալ, յատկապէս հաւաքական վերադարձին, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստան գտած ժողովուրդի խնդիրներուն շուրջ։

Մարիօ Նալպանտեան բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն փոխանցեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանի նամակները, ինչպէս նաեւ Արցախի համայնքներու ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած հաւաքական դիմում-նամակները։

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու բարձրաստիճան պաշտօնատարին ուղղուած նամակին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.
«Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) ժողովուրդին համար բացարձակ առաջնահերթութիւնը մեր նախնիներու հայրենիք հաւաքական, ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձն է։ Մեր կապը մեր տուներուն, մեր սրբավայրերուն եւ մեր նախնիներու գերեզմաններուն հետ անսակարկելի մարդկային իրաւունք է։ Տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւն կարելի չէ ապահովել էթնիք զտման լեգիտիմացման միջոցաւ․ անոր համար անհրաժեշտ է բնիկ բնակչութեան իրաւունքներու վերականգնում՝ վստահելի միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու ներքոյ»։

Արցախի համայնքներու աւելի քան 60 ղեկավարներու կողմէ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով բարձրաստիճան պաշտօնատարին ուղղուած դիմում-նամակին մէջ ընդգծուած են հետեւեալ առաջնահերթութիւնները,- ապահովել մարդասիրական եւ ընկերային աջակցութիւն՝ ընկերային ու բնակարանային ծրագիրներուն, պարտաւորեցնել միջազգային կառոյցներն ու Հայաստանի իշխանութիւնները ներկայացնել թափանցիկ հաշուետուութիւն՝ տրամադրուած օժանդակութեան արդիւնաւէտութեան մասին, ինչպէս նաեւ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ՝ դադրեցնելու Արցախի մէջ հայկական բնակավայրերու ոչնչացումը եւ երաշխաւորելու ապահով ու արժանապատիւ վերադարձ։

Բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն ուղղուած նամակներուն մէջ շեշտուեցաւ նաեւ անմիջական համագործակցութեան նպատակով պատասխանատու մարմին կամ ներկայացուցիչ ճշդելու անհրաժեշտութիւնը՝ մօտէն ծանօթանալու համար Արցախի ժողովուրդի խնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button