Լրահոս

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․-Ի ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՍԵՄԻՆԱՐ՝ ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Յառաջիկայ Մարտ 20–22-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ,տեղի պիտի ունենայ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած համայնքային (Grassroots) Սեմինարը, որ նախատեսուած է համախմբելու նոր եւ փորձառու անդամներ։ Պիտւ կատարուին գործնական քննարկումներո հմտութիւններու զարգացմամբ եւ ռազմավարական կազմակերպչական աշխատանքով, նպատակ ունենալով ամրապնդել համայնքային պաշտպանութիւնը համայնքներուն մէջ։

Այս սեմինարը մասնակիցներուն պիտի տրամադրէ գործնական ռազմավարութիւններ եւ իրական փորձառութիւններ՝ նպաստելու Հայ Դատի առաջխաղացմանը կառավարութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ, յատկապէս նահանգային եւ տեղական պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ համայնքային շարժման կազմակերպման ոլորտներուն մէջ։ Քննարկումներու եւ աշխատանոցներու միջոցով մասնակիցները պիտի սորվին, թէ ինչպէս արդիւնաւէտ կերպով ներգրաւել ընտրեալ պաշտօնեաներ, ստեղծել տեղական ազդեցութիւն եւ իրենց համայնքները շարժման մէջ դնել նպատակային ու շարունակական ձեւով։

Սեմինարը պիտի տեղի ունենայ այդ նշուած շաբաթավերջին ընթացքին․ ուրբաթ օրը նախատեսուած է ժամանումի եւ ծանօթութեան համար, շաբաթ օրը պիտի կայանայ ամբողջական ծրագրային օր, իսկ կիրակի առաւօտեան պիտի շարունակուին յաւելեալ աշխատանքներն ու քննարկումները՝ նախքան մասնակիցներու վերադարձը։

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button