ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ

 

Կիրակի, 22 Մարտին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց եւ քարոզեց Ֆիլատելֆիոյ (Փէնսիլվանիա) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, անուանակոչութեան տօնին եւ հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձին առիթով։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին սկիզբը, յանուն Ազգային Վարչութեան բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի, եւ հոգաբարձութեան ծառայութիւնը։ Ան յատկապէս շեշտեց համայնքի առողջ կազմակերպուածութիւնը եւ աշխոյժ գործունէութիւնը՝ յարակից մարմիններով եւ քոյր կազմակերպութիւններով։ Ապա, իր խօսքին մէջ վեր առնելով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքը , յայտնեց, թէ ան ո՜չ միայն կը պատկանի անցեալին, այլ բոլոր դարերու օրինակելի տիպար մըն է, որ մեզ կրնայ առաջնորդել մեր անձնական եւ հաւաքական կեանքին մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ տօնախմբութիւնը։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button