ԱԶՆԱՒՈԻՐԵԱՆ ՔՈՅՐԵՐԸ ՀՄԱՅԵՑԻՆ

Շաբաթ, 28 Մարտին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայկական Թանգարանի (ALMA) սրահը լեցուն էր երաժշտասէր ներկաներով։
Օրուան յայտագիրը եզակի էր։ Շիքակօ (Իլինոյ) ծնած, հանրածանօթ Ազնաւուրեան քոյրերը՝ Մարթա (դաշնակ) եւ Անի (թաւջութակ) ելոյթ պիտի ունենային թանգարանի Ատէլ եւ Հայկ Տէր Մանուէլեան սրահին մէջ ։ Այս ձեռնարկը մաս կը կազմէր, հիմնարկին «Music in Color» ծրագրին, որ կը նպաստէ թանգարանի ցուցադրութիւններուն հետ խորիմաստ ներգրաւման՝ կենդանի երաժշտական ելոյթներու եւ միջմշակութային համագործակցութեան միջոցաւ, հրաւիրելով հանդիսատեսը ապրելու հայկական երաժշտութեան եւ արուեստի հարուստ ժառանգութիւնը։
Բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ գործադիր տնօրէն Ճէյսըն Սոհիկեան, շեշտելով, թէ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը կատարուի այս ծրագիրը, որ կը հովանաւորուի Նենսի Քոլիկեանի կողմէ։ «Նմանօրինակ ձեռնարկներ միաժամանակ կը խորացնեն հանրութեան կապը հայկական մշակոյթին հետ, յատկապէս երաժշտութեան միջոցով», ըսաւ Սոհիկեան, ապա ներկայացուց քոյր արուեստագէտները։
Մարթա եւ Անի Ազնաւուրեան սկսած են միասին ելոյթ ունենալ ութ եւ չորս տարեկանին՝ իրենց ծննդավայր Իլինոյի Էվանսթըն քաղաքի Սուրբ Յակոբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ։ Անոնք տիրացած են մրցանակներու եւ ելոյթ ունեցած՝ Շիկակոյի Սիմֆոնիք Նուագախումբին հետ։
Այնուհետեւ անոնք միջազգային բեմերու վրայ ելոյթ ունեցած են, ներառեալ Հայաստանի Խաչատուրեան եւ Կոմիտաս սրահներուն, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի Քարնըկի Հոլի մէջ։
Պոսթընի մէջ, երկու քոյրերն ալ եղած են հիւր երաժիշտը, Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society) կազմակերպած «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ երեկոներուն, որոնք կը կատարուին հանրածանօթ «Սիմֆընի Հոլ» սրահին մէջ, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթի:
Դաշնակահար Մարթա Ազնաւուրեանը, որ ուսանած եւ մասնագիտացած է Ինտիանայի եւ Պոսթընի «Նիւ Ինկլընտ Քոնսերվաթըրի» երաժշտանոցներէն ներս, ելոյթ ունեցած էր 2024-ին։ Մինչ իր կրտսեր քոյրը՝ թաւջութակահար Անին, աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր Քալիֆորնիոյ հանրածանօթ սենեկային երաժշտութեան Camerata Pacifica խումբին թաւջութակահարն է, ելոյթ ունեցաւ անցեալ տարի։
Հետաքրքրական է նշել, որ Անիին թաւջութակը գործն է իր հօր՝ Փիթըր Ազնաւուրեանին, որ իր կարգին եղած է հանրածանօթ թաւջութակահար մը։
Երկու բաժիններէ բաղկացած, այս ելոյթին, զոյգը նուագեց գործեր Կոմիտասէն, որոնց կարգին «Չինար ես», «Ծիրանի ծառ» եւ «Կռունկ»։ Ապա, փառաւոր էր Պրահմսի դաշնակի եւ թաւջութակի հատանուագը (Sonata in F major, Opus 99):
Երկրորդ բաժինը սկսաւ նոր յօրինումով մը՝ «Արարատ լեռը», որ կը պատկանէր ամերիկացի երաժիշտ Փիթըր Պոյըրին։ Իւրայատուկ էր, այս գործը, որ Պոյըր յատուկ յօրինած էր Ազնաւուրեան քոյրերուն համար։ Խոր կեդրոնացումով, անոնք նուագեցին այս գործը, որու աւարտին կը հնչէին Կոմիտասի «Կռունկ»-ի երանգները։
Ապա, յայտագրի վրայ էր Աւետ Տերտէրեանի համեմատաբար անծանօթ դաշնակի եւ թաւջութակի հատանուագը, որ հարուստ էր հայկական կշռոյթներով։
Յայտագրի վրայ, վերջին գործը իտալացի հանրահռչակ ջութակահար Նիքոլօ Փականինիի մէկ գործն էր, ներշնչուած Ռոսինիէն։ Ամենայն բծախնդրութեամբ, հմտութեամբ եւ հարազատութեամբ, իր քրոջ Մարթայի ընկերակցութեամբ, Անի թաւջութակով ներկայացուց ջութակի համար պատրաստուած այս դժուար գործը։
Աւարտին, որոտընդոստ ծափողջոյնները շարունակ որոտացին սրահին մէջ եւ Ազնաւուրեան քոյրերը վերադարձան բեմ եւ նուագեցին Ալեքսանտր Յարութիւնեանի «Impromptu»-ն։

Ձախէն աջ՝ Մարթա Ազնաւուրեան, Սարա Հէյզ, Անի Ազնաւուրեան, Նենսի Քոլիկեան եւ Ճէյսըն Սոհիկեան։
Հովանաւոր Նենսի Քոլիկեան եւ հիմնարկի ծրագրերու պատասխանատու Սարա Հէյզ խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ նշեցին, որ խորապէս զգացուած են ստեղծուած մթնոլորտէն։
Հուսկ, կարելի է եզրակացնել, թէ դասական երաժշտութեան բնագաւառէն ներս Ազնաւուրեան քոյրերը, որոնք ոչ մէկ կապ ունին Շարլ Ազնաւուրի (1924-2018) հետ, վառ կը պահեն հանրածանօթ մականուն մը։

