
Պոլսահայ լրագրող եւ Միւնիխի Մերձաւոր արեւելեան ուսումնասիրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Թալին Սուճեան, քանի մը շաբաթ առաջ այցելեց Պոսթըն (ապա նաեւ Նիւ Եորք ) եւ ‘‘NAASR’‘ի (Պելմոնթ) մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը առթիւ, ներկայացուց Զապէլ Եսայեանի եւ անոր կեանքին վերաբերող վաւերագրական ժապաւէնին մը: Նաեւ, Սուճեան այցելեց ‘‘Հայրենիք’‘, եւ այս առթիւ կարելի եղաւ զրուցել այս հետաքրքրական գաղափարներու տէր երիտասարդուհիին հետ, որուն նշանաբանն է. ‘‘Սփիւռքահայու առաջնահերթ պարտականութիւնն է կառչած մնալ իր ծննդավայրին` արմատներուն’‘:
Ընկերային հարցերով, արուեստի, մշակոյթի եւ զանազան այլ նիւթերով հետաքրքրուած Թալինի հետ, կարելի չէ աւարտել զրոյց մը, որ կրնայ ժամեր տեւել: Կարելի չէ կեդրոնանալ պոլսահայ համայնքին վերաբերող հարցերու, իր պատրաստած ժապաւէնին կամ սփիւռքի հետ առնչուող նիւթերու մասին խօսիլ: Սուճեան նոյնքան խանդավառութեամբ կ՛արտայայտուի գանատացի երգիչ բանաստեղծ` Լէնըրտ Քոհէնի կամ նոյնիսկ ընդհանրապէս քիչ հռչակ սփռած ճազ երաժշտութեան մէջ մասնագիտացած` Հարաւային Ափրիկեցի Ապտուլլահ Իպրահիմի մասին:
Միշիկընի Համալսարանի Տիրպորն քաղաքի մասնաճիւղի Հայկական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոնի հրաւէրով, կարելի եղած էր հրաւիրել Թալին Սուճեանը Միացեալ Նահանգներ: Ստորեւ, յապաւումով մաս մը այս զրոյցէն.
Հ. Ընթերցողին համար յստակ է կարդալն ու տեղեկանալը` Թալին Սուճեանի մասին, որպէս Պոլսահայ լրագրող եւ Միւնիխի Մերձաւոր արեւելեան ուսումնասիրութեան հիմնարկի գիտաշխատող, սակայն որպէս բեմադրիչ, կարելի՞ է փոխանցել կարգ մը տեղեկութիւններ, եօթներորդ արուեստի աշխարհին հետ ունեցած կապերդ:
Պ. 19րդ եւ 20րդ դարերու հայ ամէնէն յառաջատար կին մտաւորական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի վերաբերող վաւերագրական ժապաւէնը, կարելի է նկատել իբրեւ երրորդ վաւերագրական ժապաւէն:
Նախապէս պատրաստած եմ երկու այլ վաւերագրականներ, որոնք անշուշտ շատ աւելի կարճ տեւողութիւն ունեցած են: Առաջինը` Յակոբ Պարոնեանի ծննդավայր Էտիրնէի փոքրամասնութիւններու մասին 25 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող վաւերագրական մըն է պատրաստուած` 20002001 տարեշրջանին, իսկ երկրորդը` Պոլսոյ վերջին հայ ձկնորսին մասին 15 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող վաւերագրական մը, պատրաստուած տարի մը ետք:
Հ. Հետաքրքրական է այս վերջին պատրաստութեան նիւթը: Կարելի՞ է քիչ մը մանրամասնել:
Պ. Այդ օրերուն երբ Պետրոս Տայտային մասին այս կարճ վաւերագրականը պատրաստեցի, արդէն իսկ ութսուն տարեկան էր եւ կարճ ժամանակաշրջան մը ետք: . . .Այո՛, անունը այդպէս էր: Հաճելի տիպար մըն էր ան: Պոլսահայութեան իւրայատուկ դէմքերէն մէկը:
Վստահաբար յիշատակելի օրեր անցուցիր, Պետրոս Տայտային մասին, քանի մը վայրկեան անմահացնելով:
. . . Ինչքա՜ն փորձառու տիպար մըն էր: Որքա՜ն հետաքրքրական էր իր հետ զրուցելը: Պոսփորի ընդյատակեայ քարտէսին լաւապէս քաջատեղեակ էր:
Հ. Վերադառնանք ցամաք . . . եւ յաւելեալ զրուցենք Զապէլ Եսայեանի եւ անոր կեանքին վերաբերող` քառասուն վայրկեան տեւողութիւն ունեցող վաւերագրական ժապաւէնի մասին: Ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ին՞չ պայմաններու տակ մտայղացումը ունեցար այս գործը պատրաստելու:
Պ. Զապէլ Եսայեան, հայ կին մտաւորականներուն հազուադէպ մէկ տիպարն է: Ան միակ հայուհին էր, որուն անունը 1915ի սեւ ցանկին վրայ կը գտնուէր: Եւ այս մէկը պարզ դիպուկ որոշում մը չէր: Եսայեանի մասին վկայութիւններ շատ կան, իր կատարած աշխատանքին առնչութեամբ, թէ՛ Ցեղասպանութեան օրերուն եւ թէ՛ յետագային:
Հ. Ժապաւէնին առաջին վայրկեաններուն, Երեւանի մէջ կը փորձուի գտնել այս հայուհիի անունը կրող մէկ երկրորդական ճամբան, եւ բազմաթիւ տեղացիներու երբ կը հարցադրուի Զապէլ Եսայեանի մասին, անոնք անտեղեակ կը թուին ըլլալ . . . Այդ ալ նշեմ որ, այս վաւերագրականին գծով միասնաբար գործակցած եմ լիբանանահայ Լարա Ահարոնեանի հետ:
Պ. Ճիշդ այս զարմանալի մոռացումն է որ, զիս կը զայրացնէ եւ երբ 20072008 թուականներուն Երեւան կը գտնուէի իբրեւ Պոլսոյ ‘‘Ակօս’‘ թերթի լրագրող/յօդուածագիր եւ ոչկառավարական հիմնարկի մը մօտ աշխատակից, որոշեցի այս վաւերագրականը պատրաստել եւ դիտմամբ ալ առաջին վայրկեանները այդ ձեւով սկսայ: Նիւ Եորքէն ժամանած Նէնսի Աղապապեանի հետ երբ կ՛ուսումնասիրէինք հայ գրողներ, նկատեցի որ, իբրեւ Սփիւռքահայ, շատ աւելի բան գիտենք Զապէլ Եսայեանի մասին, քան տեղացիք: Հայրենի հայութիւնը Զապէլ Եսայեանին ծանօթ է յատկապէս անոր ‘‘Մուրատի ճամբորդութիւնը’‘ գիրքին միջոցաւ, որ լոյս տեսած էր 1993ին‘ Երեւանի մէջ, Արցախեան հերոսամարտի շրջանին: Անշուշտ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանն ալ լոյս ընծայած է իր անտիպ գործերէն շարք մը: Այսպէս. . . ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ Զապէլ Եսայեանի ընտանեկանգրական կեանքին. ժապաւէնին մէջ անոր ընտանեկան պարագաները (ինչպէս զաւակն ու թոռնիկը` Հրանդ եւ Ալեքսանտր Եսայեան. . .), դրացիներէն ու թաղեցիներէն ոմանք անյստակ վկայութիւններ կը տեղեկացնեն այս անբախտ մտաւորական կնոջ մասին:
Հ. Դժուարութիւններու կամ այլ հարցերու հանդիպեցա՞ք:
Պ. Ոչ մէկ դժուարութիւն: Կարելի եղաւ կապ հաստատել ընտանեկան պարագաներուն հետ: Ժապաւէնին մէջ խօսք կ՛առնեն նաեւ արուեստաբան Վարդան Ազատեան, գրաքննադատ Մարք Նշանեան եւ այլ դէմքեր: ‘‘Չարենց’‘ թանգարան այցելելով, կարելի եղաւ բազմաթիւ աղբիւրներ օգտագործել:
Հ. Հեռանանք շարժապատկերի աշխարհէն եւ ուսման բնագաւառ:
Պ. Միւնիխի ‘‘Լուտվիկ Մաքսիմիլիան’‘ համալսարանէն ներս կը պատրաստեմ տոքթորական մը, նիւթ ունենալով Պոլսոյ հայկական մամուլը` Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք: Այս գծով, յառաջիկայ ամիսներուն, պէտք է որ, հետեւողական ձեւով շարունակեմ ուսումնասիրական պրպտումներս: Մինչ այդ, սոյն համալսարանէն ներս կը դասաւանդեմ հայերէն, քանի մը օտար, հայերէնով հետաքրքրուած ուսանողներու:
Հ. Ապա, գերագոյն ուսման աւարտէն ե՞տք:
Պ. Վերադարձ իմ Սփիւռքահայու արմատներս` Պոլիս: Կը կրկնեմ. . . Սփիւռքահայու առաջնահերթ պարտականութիւնն է կառչած մնալ իր ծննդավայրին` արմատներուն . . . պիտի վերադառնամ Պոլիս: Այս գծով յայտնեմ թէ, երբ կարդացի Վահէ Պէրպէրեանի գիրքը, այնքան մը տպաւորուեցայ, որ շուտով որոշեցի թարգմանել: Այդ գործը, մէջս ապրում մը, մարմաջ մը ստեղծեց կառչած մնալու սովորութիւններուս եւ պատկանելութեանս: