Ֆրանսահայ Համակարգող Խորհուրդի Ընտրութիւններ
ՓԱՐԻԶ․- Փետրուար 6-8-ին, առցանց դրութեամբ տեղի ունեցան ֆրանսահայ համակարգող խորհուրդի (CCAF) ան հատներու ժողովի ընտրութիւնները։
Խորհուրդի առժամեայ անցումի շրջանի Ազգային գրասենեակը հրապարակեց արդիւնքները, ըստ որոնց պաշտօնաւարտ համանախագահներ՝ Մուրատ Փափազեանի, Արա Թորանեանի եւ Ֆրանսայի Հ․Բ․Ը․Մ․-ի համանախագահ Նատիա Գործունեանի գլխաւորած «Միասին՝ Հայաստանի համար» ցանկը ձայներու շուրջ 70 առ հարիւրի համեմատութեամբ, յաղթանակ տարած է Ֆրանսուա Տէվէճեանի եւ Օրելի Տեյիրմէնճեանի գլխաւորած «Համախմբել, կառուցել, փոխանցել» ցանկին վրայ։ Քուէարկութեան մասնակցած են 1587 արձանագրուած անդամներէն 1454-ը, ինչ որ կը կազմէ 92 առ հարիւրը։ Ըստ ընտրակարգին, յաղթող ցանկէն Ազգային խորհուրդին մաս պիտի կազմեն առաջին 7 թեկնածուները, իսկ երկրորդ ցանկէն՝ առաջին 3 թեկնածուները։

