ՔՕՔԵՐ ԿԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԷ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԸ

Յայտնի թուրք լրագրող ու հրատարակիչ Օսման Քօքերը հրատարակած է “Անթաքիա, Իսքենտէրուն, ՄուսաՏաղ“ գիրքը նոր խմբագրութեամբ: Անիկա կը պատմէ լերան հերոսական պաշտպանութեան մասին, ներկայացուած են մինչեւ 1915ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կեանքին վերաբերող լուսանկարներ բացիկներու եւ փաստաթղթերու հաւաքածուներ Օռլանտօ Գառլօ Գոլումելոյի հաւաքածուէն: Գիրքին մէջ ներկայացուած են եզակի լուսանկարներ Ալեքսանտրէթի, Անտիոքի եւ Մուսա Լերան ստորոտի գիւղերու հայերու կեանքին մասին:
Օսման Քօքեր կը բերէ Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւնները, մասնաւորապէս՝ Մարաշի բողոքական եկեղեցւոյ հովիւ Տիգրան Անդրէասեանի վկայութիւնը, որ մանրամասն կը նկարագրէ լերան պաշտպանութիւնը:
Սեպտեմբեր 14, 1915ին 4058 հայ երկօրեայ նաւարկութենէ յետոյ հասաւ Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ նաւահանգիստ: Անոնց ժամանակաւորապէս թոյլ տուին մնալ ճամբարի մէջ, մինչեւ որ ապաստան գտնեն: 1921ին ոմանք վերադարձան Ալեքսանտրէթ, որ ֆրանսական իրաւագիրի տակ էր, սակայն ֆրանսացիներու հեռանալուն պէս նոյնպէս հեռացան: 1939էն ի վեր անոնք կ`ապրին Հաթայ գաւառի Թուրքիոյ միակ Վագըֆ հայկական գիւղին մէջ:
Առաջին անգամ Քօքերը ուշադրութեան արժանացաւ Պոլսոյ մէջ իր աննախադէպ “Սիրելի եղբօրս“ ցուցահանդէսով, ուր ներկայացուեցան հաւաքածուներ Գալումենոյի լուսանկարները Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հայերու կեանքի մասին մինչեւ 1915 թուականը:
Ցուցահանդէսը ցուցադրուած է Փարիզի, Միւնիխի, Քէոլնի, Ֆրանքֆորտի ու Երեւանի մէջ: Քօքեր նաեւ “Հայերը Թուրքիոյ մէջ 100 տարի առաջ“ գիրքին հեղինակն է, որուն հարիւրաւոր լուսանկարները կը պատմեն, թէ ուր եւ ինչպէս ապրած են հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ մինչեւ Ցեղասպանութիւնը:
1996ին Քօքեր մասնակցած է Agos եւ Araz հայթրքական օրաթերթերու հրատարակչութեան ստեղծման, որտեղ նաեւ տպագրուած են հայերէն գիրքեր, թարգմանուած թրքերէնէ հայերէն:
Օսման Քօքերը կայսրութեան սուլթաններու յայտնի ճարտարապետ, ծագումով հայ Սինանի ընտանիքէն է:
Նկարագիր մը, առանց որուն՝ շատոնց դադրած պիտի ըլլայինք հա՛յ ըլլալէ, արժանապատիւ ու բարձրաճակատ մա՛րդ ըլլալէ:

