Լրահոս

ՔՍԱՆԵՐՈՐԴ ՄՈՆՏԻԱԼԻ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ

Իտալահայ Մաթէօ Տարմեան
Իտալահայ Մաթէօ Տարմեան

Թէեւ Հայաստան դուրս մնացած է Աշխարհի ոտնագնդակի աւարտական մրցաշարքէն՝ մոնտիալէն, սակայն երկու սփիւռքահայեր, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի ամենէն աւելի խանդավառութիւն ստեղծող եւ ժողովրդականութիւն վայելող այս մրցաշարքին: Այս երկու հայորդիներն են Իրանահայ Անդրանիկ Թէյմուրեանն ու Իտալահայ Մաթէօ Տարմեանը:

Իրանահայ Անդրանիկ Թէյմուրեան
Իրանահայ Անդրանիկ Թէյմուրեան

Ասիոյ ցամաքամասի ներկայացուցիչը համեմատած Եւրոպահային, շատ աւելի ծանօթ է, մանաւանդ որ երկրորդ անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս մրցաշարքին: 31 տարեկան միջնապահ Թէյմուրեան (ծնած՝ Մարտ 6, 1983-ին) որ ճանչցուած է նաեւ Անդօ ծածկանունով, 2010-ի մոնտիալին Հարաւային Ափրիկէի մէջ եղած էր իր կազմի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը, եւ մամուլը, օրին անդրադարձած էր իր հայ ծագումին մասին: Ան քանի մը տարի մաս կազմած է բրիտանական կազմերու, որոնց կարգին՝ Պոլթըն եւ Ֆուլհամ:
Համեմատաբար անծանօթ մըն է Իտալահայ Մաթէօ Տարմեանը…գէթ սփիւռքահայութեան համար: Ոտնագնդակի սիրահարներ քաջատեղեակ են, եւ մօտէն կը հետեւին այս երիտասարդ յետսապահի սխրանքներուն: Պատանի տարիքէն Ա.Սէ. Միլանի անդամակցած, ան այժմ մաս կը կազմէ Ա.Սէ. Թորինոյին: Ծնած Դեկտեմբեր 2, 1989-ին, Տարմեան նոր միացած է ՝՝Սքուատրա Ազզուրա՝՝ին, եւ մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ մարզիչ Չեզարէ Քլաուտիօ Փրատելլիին: Անցեալ շաբաթավերջին, Անգլիոյ դէմ 2-1 արդիւնքով յաղթանակին, Տարմեան աջ յետսապահ դիրքի վրայ լաւապէս կատարեց իր պաշտօնը: Անոր ծննդավայրն է Միլանոյի մօտակայքը գտնուող` Լենիանօ քաղաքը:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button