Գլխաւոր

Քոնկրէսի Յանձնաժողովի Քուէարկութիւնը՝ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Առնչութեամբ

 

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․- Ամերիկացի քոնկրէսական Պրետ Շըրմըն առաջարկած է, որ Ա․Մ․Նահանգները Ատրպէյճանէն պահանջեն անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել բոլոր հայ գերիներն ու քաղաքական բանտարկեալները։

Շըրմըն փոփոխութիւն մը ներկայացուցած է Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Գործոց Յանձնաժողովին՝ «Դիւանագիտական Ծառայութեան Օրէնք»ին (H.R. 9086) մէջ, պահանջելով Ատրպէյճանէն «անյապաղ եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիներն ու քաղբանտարկեալները»։

Քոնկրէսականը յիշեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը եւ աւելի քան 100 հազար հայ բնակիչներու բռնի տեղահանութիւնը՝ նշելով, որ անոնք շուրջ երկու հազար տարիէ ի վեր այդ հողերուն վրայ կ՛ապրէին։ Ան նաեւ անդրադարձած է համացանցով տարածուած այն տեսանիւթերուն, որոնք, ըստ իրեն, կը փաստեն հայ գերիներու արտադատական մահապատիժներու դէպքեր։

«Այս բոլոր իրադարձութիւնները նկատի ունենալով՝ չափազանց կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգները Պաքուէն պահանջեն անյապաղ ազատ արձակել բոլոր գերեվարուած հայերը», ըսաւ Շըրմըն՝ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Գործոց Յանձնաժողովի նիստին ընթացքին։

Շըրմըն նաեւ շեշտած է, որ հայ պատանդներու ազատ արձակումը ուղղակիօրէն կապուած է Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերուն հետ։

Advertisement Subscribe Today

«Քանի որ նախագահ Թրամփ կը շարունակէ իր ջանքերը Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար, հայ ռազմագերիներու եւ քաղբանտարկեալներու ազատ արձակումը կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ այդ ճանապարհին», յայտարարեց ան։

Առաջարկին աջակցութիւն յայտնած է նաեւ Յանձնաժողովի նախագահ, հանրապետական Պրայըն Մասթը։

Այժմ կը սպասուի փոփոխութեան նախագիծին վերաբերեալ անուանական քուէարկութիւնը։ Ընդունուելու պարագային, այն պիտի փոխանցուի Ներկայացուցիչներու Տան լիագումար քննարկման։

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունած է յանձնաժողովի երկկուսակցական աջակցութիւնը նախաձեռնութեան։

«Ատրպէյճանի մէջ հայ պատանդներու ապօրինի կալանաւորումը մարդկային իրաւունքներու լուրջ ճգնաժամ մըն է, որ Քոնկրէսէն վճռական քայլեր կը պահանջէ։ Մենք բարձր կը գնահատենք նախագահ Մասթի աջակցութիւնը Շըրմընի նախաձեռնութեան եւ յանձնաժողովի երկկուսակցական հաստատակամ դիրքորոշումը՝ հայ գերիներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակման հարցին մէջ», յայտնեց Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button