
Խմբագրական
Մեր խորագիրը հետեւութիւն մըն է Համաստեղի «Գիւղը» եւ «Անձրեւը» (տարբեր հատորներ, միասնաբար ժողովածուի վերածուած) հատորներու խորագիրներուն։ Տարբերութիւնը յստակ է․․․։
Գիւղը յատկանշող նեղլիկ ճամբաներուն, մաքուր ու ջինջ օդին, բնութեան եւ ծառ ու ծառաստանին դիմաց, քաղաքը կը բնորոշուի իր եռուզեռով, փոշիով, իրարանցումով եւ հեւքով ։
Անձրեւը երբեմն գիւղին համար պատուհաս է, բայց անվիճելիօրէն՝ փրկարարը։ Ձմեռը, չորս եղանակներէն ամենէ՛ն դաժանը, նաեւ անհրաժեշտութիւն է՝ շնորհիւ իր մատակարարած ջուրին, առանց որուն կարելի չէ բերք ունենալ։ Այսուհանդերձ, երկարատեւ ու անդադար տեղատարափը, անոր ընկերացող փոթորիկներ, շանթ ու կայծակ՝ բաւարար են, որ մշակելի հողը, չծլած ու կոկոնի չվերածուած բոյսը աւերուին եւ դաժան պայմաններ ստեղծեն մշակին։
Պէյրութի մէջ Օգոստոս 4-ին պատահածը բնութեան ստեղծած՝ այս տեսակի աղէտ չէր։ Քանի մը ակնթարթ տեւած ահաւոր որոտը, ժամացոյցի սլաքին քանի մը «թրիք-թրաք»-ը, եւ ահա, քաղաքն ու յամառօրէն ցատկող սլաքները քանդուած էին…
…Բոլորիս յիշողութեան մէջ թարմ են ու անմոռանալի կերպով դրոշուած՝ Հայաստանի մէջ 7 Դեկտեմբեր 1988-ին պատահած երկրաշարժին հետեւանքով, Գիւմրիի մէկ շէնքին վրայ տեղադրուած ժամացոյցին անշարժացած մեծ ու փոքր սլաքները, որոնք կառչած մնացած էին պատահարի ճիշդ ժամուն՝ 11։37։
Օգոստոս 4-ին, տուներու պատերէն կախուած, իսկ դուրսը, դասական թէ բջիջային բազմաթիւ ժամացոյցներ ժամը 18։07-ին մատնուեցան նմանօրինակ ճակատագրի։
Քաղաքը կը կոչուի Պէյրութ. աղէտը հետեւանք էր անոր բանուկ նաւահանգիստին մէջ եօթը տարիներէ ի վեր ապօրինի կերպով բնակութիւն հաստատած՝ 2․750 թոն կշռող անխօս, անզգայ եւ անխնայ նիւթի մը՝ ամոնիոմի նիտրատի պայթումին։
Էջեր գրուեցան Վրաստանէն (ուր նման նիւթ պատրաստող ոչ մէկ գործարան գոյութիւն ունի) դէպի Մոզամպիք (ուր ցայսօր յայտնի չէ, թէ ճիշդ ի՞նչ նպատակի համար առաքուած էր) փոխադրուող այս ապրանքին, նաւուն եւ նաւաստիներուն մասին։ Իսկ սարսափազդու պայթումին եւ անոր յաջորդող սահմռկեցուցիչ տեսարաններուն մասին, կարելի է ճոխ հաւաքածոյ մը պատրաստել, օգտագործելով ժապաւէնի առնուած անցուդարձերը, պատկերները։
Կ’ըսուի, թէ օրուան վերին ղեկավարները ծանօթ չեն եղած, թէ նման պայթուցիկ նիւթ բնակութիւն հաստատած է նաւահանգիստի մէկ պահեստանոցին մէջ – եւ հոս պէտք է շեշտել, թէ ըստ մասնագէտներու՝ այդքան ալ դիւրութեամբ չի բռնկիր, բացի եթէ յատուկ պայթուցիկով մը կամ հրթիռարձակումով մը խթանուի –, այլ միայն քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ տեղեակ եղած են եւ յայտնապէս «ականջի ետեւ» նետած են այս թղթածրարը։
Հանրածանօթ չեխ գրագէտ Միլան Քունտերայի «Էութեան անտանելի թեթեւութի՞ւն»ն է («The Unbearable Lightness of Being») պատահածը, թէ՞ պետութեան մը, կամ փտած կառոյցի մը․․․ անտանելի թեթեւութիւնը։
Ու, դարձեալ հնչեց «Հայու ճակատագիր» յանկերգը․․․։ Պատահած աղէտը հարուածեց նա՛եւ հայահոծ շրջաններ, Ժըմմէյզէէն, Մար Մխայէլէն, Էշրեֆիէէն, Հաճընէն, Խալիլ Պետեւիէն տարածուելով մինչեւ Պուրճ Համմուտ. աւերը եղաւ ծանր, իսկ փրկութեան եւ յատկապէս գաղութ «պարպելու» մասին առաջարկներուն թիւը գերազանցեց… նոյնինքն գաղութին զաւակներուն թիւը, մրցումի ելաւ շտապ օժանդակութեան եւ արիւնահոսքը զսպելու աշխատանքին հետ ու փորձեց աւելի արագ վազել:
Լիբանանցին ու լիբանանահայը ցնցուած են։ Անոնց հետ ցնցուած է ամբողջ հայաշխարհը, իսկ Լիբանանին հետ՝ նոյնինքն աշխարհը:
Քաղաքն ու աղէտը հեռու են «Գիւղը» եւ «Անձրեւը» երկերէն, սակայն կարիքն ունին նո՛յն Համաստեղի մէկ այլ գործին՝ «Սպիտակ Ձիաւոր» վէպի հերոսին, պատմական հերոսապատումի մը, ուր կը հնչէ նախահայրերու, հայոց նահատակներուն կանչը։ Այսօր, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, մեր պարտականութիւնն է արձագանգել նման կանչի մը եւ օժանդակութիւն հասցնել լիբանանի հայութեան։ Որեւէ բարենպատակ թելադրանքէ առաջ, եւ անկէ շատ աւելի՝ մեր գաղութը այսօր կը կարօտի կեանքեր ու ընտանիքներու գոյատեւումը փրկող օժանդակութեան: Լիբանան եւ անոր հայ զաւակները անցեալին ապրած են ծանր փորձառութիւններ, որոնցմէ մէկը միւսին նման չէ եղած, սակայն սեփական ձեռքերով ու անկեղծ բարեկամներու եւ աշխարհասփիւռ հայութեան աջակցութեամբ վերականգնած են: Այսօր տարբեր պիտի չըլլայ: