Լրահոս
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ.- “ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՏԼԱՍ“Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Ձախէն աջ` Յակոբ Խաչատուրեան, մեկենաս` Ռոզ Յակոբեան, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէն դոկտ. Վարդան Մաթէոսեան եւ շրջանի հովիւ Կոմիտաս քհնյ. Պաղսարեան
Դոկտ. Մաթէոսեանի զեկուցումները մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին:
Յաջորդ օրը` Կիրակի Մարտ 17ին, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահէն ներս, տեղւոյն գաղութին համար յատուկ ձեռնարկով մը, դոկտ. Մաթէոսեան ներկայացուց “Հայաստանի Պատմական Ատլաս“ը: Ան յայտնեց թէ. “Այս Նոր Ատլասը, նոր սերունդին համար է“, եւ թէ Հայոց Պատմութեամբ ապագայ սերունդը կապուած պիտի ըլլայ իր արմատներուն:
Աւարտին խօսք առաւ շրջանի հովիւ` Կոմիտաս Պաղսարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին, նաեւ ձեռնարկին ներկայ` Ռոզ Յակոբեանի, որ իր քրոջ հետ ստանձնած էր այս հրատարակութեան մեկենասութիւնը, ի յիշատակ իր ծնողքին` Երուանդ եւ Սրբուհի Յակոբեաններուն:

