ՓՐԱՒԻՏԵՆՍԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Կիրակի, 15 Փետրուարին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Վարդանանց (Փրաւիտենս, Ռոտ Այլընտ) եկեղեցւոյ մէջ։ Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Կարօ Սասուն Դարբինեանը։
Իր քարոզին ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Վարդանանց տօնի նշանակութեան, ինչպէս նաեւ Սիմէոն մարգարէին, որ Յիսուս ճանչցաւ իբրեւ մարդկութեան Փրկիչը քառասնօրեայ տաճար ընծայման առթիւ։
Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը օրհնեց խաչվառ մը (նուէր՝ Թիքոյեան ընտանիքէն), զոյգ քշոց (նուէր՝ Նալպանտեան ընտանիքէն) եւ նոր մոմակալներ (նուէր՝ Խաչատուրեան ընտանիքէն):
Գնահատանքի ջերմ խօսքերէ ետք, Սրբազան Հայրը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը, որով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանին կը շնորհուէր ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք, անոր ձեռնադրութեան 10-ամեակին առթիւ։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցուոյ սրահին մէջ։ Տէր Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Փօլ Հարոյեան, որ կատարեց հանդիսավարութիւնը։ Պատանի դաշնակահար Ռաֆֆի Աւագեան նուագեց «Քաջն Վարդան» եւ «Ատանայի ողբը»։
Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր ստացան եկեղեցիէն ներս իրենց ծառայութեան համար տիկ. Շաքէ Գզիրեան եւ տիկ. Ճէյն Զօպեան։ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան լուսարձակի տակ բերաւ օրուան գնահատուողները իրենց օրինակելի ծառայութեամբ։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Պահպանիչով եւ «Կիլիկիա» երգով։

