ՓՈՒԹԱՋԱՆ ՓՈՒԹԻՆԻՆ ԲՈՒԹԱԿԸ…

0 0
Read Time:1 Minute, 46 Second

putajan putin  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Ամէն լար ունի իր յատուկ բութակը: Ձախ կամ աջ ուղղելով, կարելի է ամրացնել կամ թուլացնել, երաժշտութիւն ու մեղեդի սփռող լարային գործիքի ետին գտնուող թելը:

Ուրեմն բութակէն կախուած է լարային գործիքի մը ձայնասփռած մեղեդին:

Բնականաբար, բութակին վրայ լաւապէս տիրապետած երաժիշտն է որ կը տիրանայ հռչակի եւ կը նկատուի վիրթուոզ:

Դեկտեմբեր 2-ին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցելութիւնը Հայաստան կը նմանէր այն վիրթուոզին, որ կրցած էր լաւապէս կատարել իր լարախաղաց դերը եւ հմտօրէն տիրապետել բութակին` Հայաստանին վրայ:

Կրկնենք թուականն ու յատկապէս վայրը` Դեկտեմբեր 2, Գիւմրի…:

Ճիշդ այդ թուականին էր…Դեկտեմբեր 2, 1920-ին, որ հարիւրաւոր տարիներու թմբիրէն դուրս գալով, հազիւ երեք գարուններ բոլորած Անկախ Հայաստանի Պետութիւնը, պայմաններու բերմամբ ստիպուած էր

յանձնուիլ Խորհրդային Միութեան համայնավար ղեկավարութեան եւ վերստին մահաքունի մէջ մտնել: Օր մը ետք,Դեկտեմբեր 3, 1920-ին Ալեքսանտրապոլի (…այժմ Գիւմրի) մէջ, կնքուեցաւ դաշնագիր մը, որուն մէջ կը նշուէր թէ Կարսն ու Նախիջեւանը վիճելի տարածքներ էին: Սակայն ստորագրութեան պահուն, արդէն հայկական կողմը կորսնցուցած էր իրաւական իր հիմքը եւ, բնականաբար, Ալեքսանտրապոլի այս դաշնագիրը բնաւ չունեցաւ վաւերացման կարգ:

Փութին նախընտրած էր մայրաքաղաքէն հեռու…Հայաստանի երկրորդ քաղաքը` Գիւմրին նկատի ունենալ իբրեւ իր այցելութեան առաջին վայրը…:

Հոն ուր կը գործէ լայնատարած եւ գերարդիական սահմանապահ 102-րդ զօրամասի կեդրոնատեղին: Հոն, ուր քանի մը օր ետք, Դեկտեմբեր 7-ի կէսօրուան ժամերուն պիտի նշուի ահաւոր երկրաշարժի 25-ամեակը: Հոն, ուր ցայսօր չեն սպիացած այդ փլատակներն ու աւերակները: Հոն, ուր վերջին ամիսներուն արտագաղթը այնքան մը ընդհանրացած է, որ հետզհետէ այցելուն կը նկատէ թէ դատարկուելու սկսած է այդ երբեմնի բանուկ քաղաքը:

Արդեօք կարելի չէ՞ր միջազգային փրոթոքոլային օրէնքները յարգելով, Ռուսաստանի նախագահը մուտք գործէր մայր դուռէն` մայրաքաղաք Երեւանէն, փոխան մաքսատան մօտակայքը գտնուող, հիւսիսային սահմանամերձ քաղաքէն:

Դեռ աւելին, Փութինի այցելութեան թուականը, կը յատկանշուէր այն երեւոյթով որ, դեռ հազիւ երկու օր Լիթուանիոյ մայրաքաղաք`  Վիլնիուսի մէջ կատարուած էր Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովը, որուն մասնակցած էր նոյնինքն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ իր խօսքին մէջ պատրաստակամութիւն յայտնած էր աւելի ընդգրկուն Եւրոպա մը կառուցելու բաղձանքը:

Փութին նաեւ այցելեց Երեւան, Ծիծեռնակաբերդ, ուր զետեղեց փունջ մը ծաղիկ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն…: Ի վերջոյ, ան նախագահն է Հայաստանի բնակչութենէն աւելի հաշուող ռուսահայ գաղութի մը, որ իր ղեկավարած երկրի զանազան քաղաքներէն ներս շօշափելի թիւ կը հաշուէ:

Այսպէս կը գործէ Փութաջան Փութինին բութակը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles