Փարիզի Մէջ._ Մաքրոն – Սարգսեան Հանդիպում

0 0
Read Time:32 Second

ՓԱՐԻԶ.- Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կատարեց Ֆրանսա եւ այդ ծիրին մէջ,  հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Երկու նախագահները  կարեւոր նկատեցին հայ-ֆրանսական խորհրդարանական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը, տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան աշխուժացումը` ընդգծելով, որ տնտեսական յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է հասցնել վերընթաց զարգացող երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններու ներկայիս բարձր մակարդակին:

«Այս բարդ շրջանին մէջ Ֆրանսան ձեր կողքին պիտի ըլլայ եւ պիտի օժանդակէ, որպէսզի յառաջ շարժիք: 2018 թուականը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար», ըսաւ Մաքրոն` աւելցնելով, որ Մայիս 28-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին, Ֆրանսայէն պիտի մասնակցի արտաքին գործոց նախարարը: Նաեւ  Մաքրոն պաշտօնապէստեղեկացուց, որ  Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles