ՓԱՌԱՊՍԱԿ 22-ԱՄԵԱԿ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

artsakh2  Տեղին է մրոտել 22 տարի առաջ կատարուած պատմական իրադարձոիթիւններուն մասին: Այդ անմիջական յետ-Կլասնոսթեան եւ յետ-Փերեսթրոյքայական օրերուն, փուլ եկած էր երբեմնի վիթխարին` Խորհրդային Միութիւնը: Եւ այս կացութեան արդիւնք, Խորհրդային հանրապետութիւններ, մէկիկ մէկին սկսած էին դուրս գալ կաշկանդումէ եւ անկախութիւն հռչակել:

Օգոստոս 1991-ին, վերջին փորձ մը կը կատարուէր որ չկործանուի այս գեր-պետութիւնը, սակայն այդ մետասաներորդ պահուն կատարուած յեղաշրջման փորձն ալ ապարդիւն դուրս եկաւ եւ Պալթեան երեք երկիրներու` Էսթոնիոյ. Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի եւ Վրաստանի կողքին, Հայաստան եղաւ առաջին երկիրներէն մէկը, որ անկախութիւն հռչակեց: Մինչդեռ մնացեալ ինը` այդ յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք է որ յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը` ներառեալ Ատրպէյճան:

Այսպէս Հայաստանը հռչակեց իր անկախութիւնը` Օգոստոս 31, 1999-ին: Ասոր  յաջորդեց հանրաքուէն, որ կատարուեցաւ Սեպտեմբեր 21-ին: Այս անկախութիւնը  կ՛ընդգրկէր մօտաւորապէս երեսուն հազար քառակուսի քլմ. տարածութիւն մը, որուն բնականաբար մաս չէր կազմեր Արցախը, որ 1921-ին մութ հաշիւներու արդիւնք, կցուած էր Ատրպէյճանի:

Հետեւաբար այդ օրերուն հայահոծ Արցախը, Հայաստանի մաս կազմած չըլլալով, միայն ինքն իր կարգին անկախութիւն յայտարարելով է որ, դուրս պիտի գար ազերի գերիշխանութէնէն: Դեռ Արցախցի հայորդիին համար դառն էր քանի մը ամիս առաջ շղթայազերծուած գրոհը, ազերի զինուած խմբաւորումներու եւ Խորհրդային բանակի գործակցութեամբ:

Եւ այսպէս, Սեպտեմբեր 2, 1991-ին, Ստեփանակերտի մէջ, տեղի ունեցաւ Արցախի մարզի եւ Շահումեան շրջանի խորհուրդների համատեղ նստաշրջանը, որ հիմք ունենալով Ապրիլ 3, 1990-ին որոշուած Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու կարգի մասին օրէնքը, ինքնաբերաբար ընդունեց  հռչակագիրը, յաջորդաբար այդ շրջաններէն ներս անկախութիւն հռչակելու, որուն անշուշտ կը յաջորդէր սահմանադրութեան 72-րդ յօդուածը, ուր կը դիմուէր ժողովրդային քուէարկութեան` հանրաքուէին:

Ուրեմն, հոս տեղին է շեշտել թէ Արցախի հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակեց, յարգելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Խորհրդային Միութեան օրէնսդրութեան օրէնքը, ոչ մէկ խախտում կատարելով:

Անկախութիւնը հռչակուեցաւ Սեպտեմբեր 2, 1991-ին, սակայն հանրապետութեան մաս կազմող որոշ տարածքներ` Շահումեանի շրջանը, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանի հիւսիսային եւ Մարտունիի արեւելեան որոշ տարածքներ, ցայսօր կը մնան բռնագրաւուած հողեր:

Մինչ այդ այս փառապսակ 22ամեակը կերտած արցախեան շարժումին եւ ազատագրական պայքարին մասին արդէն իսկ բազմիցս նշուած է եւ …դեռ պիտի նշուի:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Պոսթըն – Մասաչուսէց

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles