
ԵՐԵՒԱՆ.- Նախատեսուած էր, որ Դեկտեմբեր 21-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելութիւն կատարէ Սիսիան, Գորիս, Կապան, Քաջարան եւ Մեղրի եւ զրուցէ սիւնեցիներուն, սակայն, ան կրցաւ հասնիլ միայն Սիսիան: Յայտնելով իրենց ցասումը, տեղացիք փակեցին դէպի Սիւնիք տանող ճամբան։
Այս կացութեան լոյսին տակ, վարչապետը յայտարարեց, որ պիտի ընդհատէ իր այցելութիւնը, որովհետեւ չի փափաքիր, որ բախումներ հրահրուին ճամբաները փակած քաղաքացիներուն հետ:
Վարչապետին Սիսիան այցելութիւնն ալ հեզասահ չընթացաւ: Երբ ան մուտք գործեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, հոգեւոր հովիւ տէր Պարգեւը մերժեց սեղմել անոր ձեռքը եւ քաղաքավարութեամբ դուրս հրաւիրեց եկեղեցիէն։