Լրահոս

Ցոյց` Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լէյէնի Այցելութաշեան Առթիւ

ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լեյէն ժամանած է, բանակցութիւններ կատարելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս առթիւ, ընդդիմադիր շարք մը ուժեր իրենց բողոքի ձայնը փորձեցին հասցնել շէնքին մէջ գտնուողներուն։ Սակայն անոնց արտօնութիւն չտրուեցաւ կառավարութեան շէնքին մօտենալ, ոստիկանական պատը փակած էր ճամբան։

Ցուցարարներն ու խօսք առնողները շեշտեցին, որ իրենց ձայնը պիտի բարձրացնեն, որպէսզի լսելի դառնայ ժպիտներով եւ ձեռքսեղմումներով, դիւանագիտական կեղծիքի շղարշով ճշմարտութիւնը ամբողջ աշխարհէն ծածկողներուն, որ իրականութիւնը այլ է։

Հաւաքին մասնակիցները բարձրացուցած էին պաստառներ՝ բանտերու եւ տնային կալանքի մէջ գտնուող քաղաքական, հասարակական, ռազմական գործիչներու, բարձրաստիճան հոգեւորականներու նկարներով։

 

 

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button