ՏԻԹՐՈՅԹ.- ՄՈՒՍԱ- ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ-ԽՐԱԽՃԱՆՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second

a

 

ԹՂԹԱԿԻՑ

«Երբ չի մնում ելք ու ճառ Խենդերն են գտնում հնարք»…
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2015-ի երեկոյեան, Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ յարակից «Լիլիըն-Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա-Լերան հերոսամարտի հարիւրամեակի նուիրուած տօնակատարութիւն խրախճանքը, նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Տիթրոյթաբնակ Այնճարցիներու Բարեսիրական Միութեան»: z
Նախքան խրախճանքի սկսիլը, սրահին յարակից խոհանոցին մէջ, Արժպ. Տէր Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանը օրհնեց աւանդական մատաղը՝ հերիսայի աղ ու միսը: Տէր Հօր ճաշի օրնհնութենէն ետք, տօնակատարութեան խրախճանքի բացման խօսքը կատարեց Միութեան ատենապետ պրն.Անդրանիկ Գարատօլեան: Ան, առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Արժպ. Տէր Հօր, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որ ամենայն սիրայօժարութեամբ, այս երեկոյ սրահը տրամադրած էր: Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ երեկոն կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսացող հայրենակիցներուն, եւ յատկապէս այն բոլոր տիկիններուն որ այս տօնակատարութեան հաւաք խրախճանքին պատրաստեցին Մուսատաղցիի աւանդական համեղ աղանդները: Ան շարունակեց խօսքը, յայտնելով թէ ներկաներուս համար հոգեկան մեծ ուրախութիւն է, եւ բարոյական յաղթանակ, պապերու հաւաքով եւ վառ տեսիլքով լիցքաւորուած Մուսատաղցի թոռներ ու ծորեր համախմբուած տեսնել այս սրահին մէջ, միասնաբար տօնակատարելու դար մը առաջ Մուսա-Լերան բարձունքներուն վրայ կերտուած յաղթական երթը, եւ ոգեկոչելու 18 անձնազոհ քաջարի հերոսներու անմեռ յիշատակը, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին: detroit
Գարատօլեան աւելցուց թէ.- «Երբ ակնարկ մը կը կատարենք քսաներորդ դարու առաջին 15- ամեակին, 1915 թուականին Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սեւ տառերով գրուած սուգի եւ ողբերգութեան էջ մը պիտի մնար մեր ազգային պատմութեան մէջ, եթէ չըլլային Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Զէյթունի, Հաճընի եւ Մուսա-Լերան պանծալի հերոսամարտերը, որոնք մասամբ մը կրցան կերպարանափոխել պատմութեան ընթացքը, եւ Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը:… fԵւ իսկապէս Սեպտեմբեր 5-ին կատարուեցաւ սպասուած Աստուածային հրաշքը, Միջերկրականի կապոյտ ջուրերուն վրայ երեւցաւ Աստուածոյ ուղղարկած ֆրանսական մարտանաւերը: Կապոյտ ծովէն փրկութեան ճամբան բացուած էր: Մահուան յանձնարարութիւնը ընդունած ժողովուրդը վերստին կեանքի դարձաւ: Կիրակի, Սեպտեմբեր 12-ին, Ֆրանսական մարտանաւերուն վրայ բարձրացած ժողովուրդը, նաւերուն վրայէն, հրաժեշտի վերջին աչք մը նետեց իր դարաւոր ծննդավայրին, մշուշա-պատուած ու ամայացած իր սիրելի լերան: b
Ներկայ էին շուրջ եօթանասուն Այնճարցիներ: Երեկոն խանդավառելու համար Գանատայի Թորոնթօ քաղաքէն հրաւիրուած էր ազգային եւ յիղափոխական երգերու մեկնաբան Զարեհ Քէնտիրճեան:
Նշենք թէ, Տիթրոյթի մէջ կ՛ապրին 43 Մուսատաղցի-Այնճարցի ընտանիքներ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՏԻԹՐՈՅԹ.- ՄՈՒՍԱ- ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ-ԽՐԱԽՃԱՆՔ

  1. Recently no body is mentioning Aintab as one of successful resistance
    against Turks even them they consider their victory after Armenian
    evacuation with few casualities their city as Ghazi(liberated) Aintab.
    Existing Aintabtsi is because of this heroic resistance.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles