Լրահոս
ՏԻԳՐԱՆ ՀԱՄԱՍԵԱՆ ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

Տարեկան սովորութիւն եղած է հանրահռչակ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի ելոյթը՝ Պոսթընի մէջ։ Այս տարի, յառաջիկայ Շաբաթ, Մարտ 14-ին, ան ելոյթ պիտի ունենայ հանրածանօթ «Պըրքլի» երաժշտանոցի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Global Arts Live-ին:
Համասեան պիտի ներկայացնէ քանի մը շաբաթ առաջ լոյս տեսած իր վերջին խտասալիկը՝ «Մանիֆեսթ»։
Հայկական կշռոյթներ եւ արդի ճազ մեղեդիներ ներմուծելով, Համասեան ստեղծած է հետաքրքրական կտորներ։ Նախքան Պոսթըն այցելելը, ան նաեւ պիտի նուագէ Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Փորթլընտդի, Սիէթըլի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։
Պոսթընի ելոյթին տոմսերը ապահովելու համար, այցելել․- https://my.globalartslive.org/1526

