Լրահոս

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔ

dikranagert 01Giragos ՊՈԼԻՍ, “Մարմարա“. Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, Մարտ 31ին, Սուրբ Զատկուան առիթով հաւաք մը տեղի ունեցաւ, առանց պատարագի մատուցման:
Ներկաները աղօթքէն ետք կատարեցին Զատկուան հաւկթախաղ եւ զիրար շնորհաւորեցին‘ համտեսելով նաեւ Զատիկի խմորեղէններ:
Թրքական “Տողան“ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ հաւատացեալները իրենց ջանքերով եւ հայոց լեզուի ուսուցիչ Գէորգ Ֆիքրիի օգնութեամբ իրականացուցած են սոյն հաւաքը:
Նշենք, որ 1400 անձ ընդունելու կարելիութիւն ունեցող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կառուցուած է 1376ին: Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծը հանդիսացող սոյն եկեղեցւոյ զանգակատունը 1913ին քանդուած էր կայծակի մը հարուածէն, որմէ ետք տեղւոյն հայերը նոր զանգակատուն կառուցեցին` զանգը ձուլելով ոսկիի եւ պղինձի խառնուրդէ մը: 1914ին, թուրքերը թնդանօթով քանդեցին զանգակատունը, պարզապէս, որովհետեւ անիկա աւելի բարձր էր շրջակայքի մզկիթներու մինարեթներէն: Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին 1980էն ի վեր լքուած էր բախտի քմահաճոյքին: Ուստի, Պոլսոյ մէջ ապրող տիգրանակերտցի հայերը միասնաբար ստեղծեցին Սուրբ Կիրակոս հիմնադրամը` վերանորոգելու համար եկեղեցին: Վերանորոգման ծախսերու եօթանասուն տոկոսը ապահովեց սոյն հիմնադրամը, իսկ մնացեալը` քաղաքապետարանը:dikranagert 31giragos
“Ռատիքալ“ թերթը կը գրէ, թէ Սուրբ Զատկուան օրը հաւատացեալներ Ս. Կիրակոս եկեղեցին հաւաքուեցան, բայց հոգեւորականի չգոյութեան պատճառաւ` արարողութիւն չկատարուեցաւ: Թաղային խորհուրդի անդամներէն Գէորգ Չալըշ յայտնած է, թէ հոգեւորականի պակասի պատճառով արարողութիւն չէ կատարուած ու ներկաները բաւարարուած են աղօթքով եւ մոմ վառելով` միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ տարի արարողութիւն կը կատարուի: Չալըշ նաեւ ըսած է, թէ մօտաւորապէս 50 տարուան ընդհատումէ մը ետք, անցեալ տարի Զատիկի արարողութիւն կատարուած էր այս եկեղեցւոյ մէջ:
dikranagert 441Giragos2“Անցեալ տարի զանգակ չունէինք, այս տարի այդ ալ ունեցանք“, ըսած է ան աւելցնելով.“Շէնքը շինուեցաւ, բայց ոգին դեռ կը պակսի“: Ան յոյս յայտնած է, որ “յառաջիկայ տարի կացութիւնը աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որովհետեւ երկիրը կ՛երթայ դէպի ժողովրդավարութիւն, եւ լաւ բաներ կը պատահին երկրին մէջ: Այս աշխարհագրութեան մէջ մարդիկ կը ցանկան ապրիլ խաղաղութեամբ“:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը չէ կրցած հոգեւորական մը ուղարկել` Սուրբ Պատարագ իրականացնելու համար, սակայն խոստացած է մէկ շաբաթ ետք հոգեւորական մը ղրկել: Չալըշ նշած է, որ Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիները հոգեւորականներ ունին, սակայն Սուրբ Կիրակոսը ցարդ մնայուն հոգեւորական չունի: Ան նաեւ շեշտած է, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ Ս. Զատիկը կը նշուի ամբողջովին վերանորոգուած համալիրին մէջ:

ան

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button