ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ.- ՀՈ­ՂԸ ԹԵ­ԹԵՒ ԳԱՅ ՍԻ­ՐԵ­ԼԻ ՕՐԻ­ՈՐԴ ԱՅ­ԳՕ

0 0
Read Time:5 Minute, 3 Second

ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ-ՊԱԼԱՆԵԱՆ

Ֆի­լա­տելֆ­իա

Կ՛ը­սեն, որ ամէն մարդ եր­կու հայր ու­նի, նախ իր հայ­րը` ապա Խրիմ­եան Հայ­րի­կը: Նոյն­պէս կրնանք ըսել, ամէն անձ եր­կու մայր ու­նի, նախ իր մայ­րը եւ ապա իր հա­յե­րէ­նի նուիր­եալ ու­սուց­չու­հին: Անց­եալ Ուր­բաթ, Ապ­րիլ 26, 2013ին, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ մէջ ցուրտ հո­ղին յանձ­նե­ցինք նուիր­եալ ու­սուց­չու­հի մը, ինչ­պէս նա­եւ Հ.Օ.­Մ.-ի եւ Հ.Յ.Դ.-ի ըն­կե­րու­հի մը, օրի­որդ Այ­գօ Չա­փար­եան, որը ֆի­լա­տելֆ­իոյ գա­ղու­թին ծա­նօթ էր, որ­պէս սի­րե­լի օրի­որդ Այ­գօն:

Երբ երա­խայ մը կը ծնի, ըն­տա­նի­քը կ՛ու­րա­խա­նայ, սա­կայն երա­խան Ըն­ղա, Ին­կա, Ին­կա ըսե­լով կու լայ, որով­հե­տեւ չի գի­տեր թէ ուր ին­կած է, եւ Յով­հան­նէս Թու­ման­եան գրած է

Ով իմա­նայ ուր ըն­կանք,

      Քա­նի օր­ուայ հիւր ըն­կանք,

         Սէրն ու սիրտն էլ երբ չկայ,

                Կրակ ըն­կանք հուր ըն­կանք“:  

Սա­կայն օրի­որդ Այ­գօն բախ­տա­ւոր էր, որով­հե­տեւ ծնած էր սի­րող ու գուր­գու­րա­ցող ըն­տա­նի­քի մը մէջ:  Մու­սա Լեռն էր իր ծննդա­վայ­րը  եւ տա­կա­ւին երա­խայ, ծնող­քին հետ ճողոպ­րած ու հա­սած էր Այն­ճար` Լի­բա­նան: Ապա փո­խադր­ուած էր ըն­տա­նի­քին հետ Պէյ­րութ, ուր աշա­կեր­տած էր Ազ­գա­յին Նշան Փա­լանճ­եան Ճե­մա­րա­նը, ու­սու­ցիչ ու­նե­նա­լով Լե­ւոն Շան­թը, Սի­մոն Վրաց­եանն ու Նի­կոլ Աղ­բալ­եա­նը: Այս տի­տան­նե­րու շուն­չին տակ թրծուած, մտած էր ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ եւ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը: 1960-ական թուա­կա­նե­րուն, Հա­յու ճա­կա­տա­գի­րը զինք կը բե­րէ Աւետ­եաց Եր­կի­րը` Ամե­րի­կա ու կը հաս­տատ­ուի Ֆի­լա­տելֆ­իա, ուր աւե­լի քան 30 տա­րի­ներ կը դա­սա­ւան­դէ Հայ­կազ­եան Ազ­գա­յին Մի­օր­եայ Վար­ժա­րա­նէն ներս: Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. Պա­տե­րազ­մի օրե­րուն Հ.Օ.­Մ.-Ի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վին, հան­գա­նա­կու­թեան, հան­դեր­ձա­հա­ւա­քի, հիւան­դա­պահ­նե­րու մարզ­ման կող­քին, որոշ­ուած էր ան­դամ­նե­րու եւ նոր սե­րուն­դի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան հա­մար Հայ­կա­կան դպրոց­ներ- դա­սըն­թաց հաս­տա­տել հա­յա­շատ վայ­րե­րու մէջ եւ այդ մի­օր­եայ վար­ժա­րան­նե­րէն մէ­կը Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Ազ­գա­յին Հայ­կազ­եան վար­ժա­րանն է, որ այժմ հո­վա­նա­ւոր­ուած է Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դի կող­մէ, որ բաղ­կա­ցած է Հ.Օ.­Մ.-ի եւ Հա­յաս­տան­եայց Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ Արե­ւել­եան Շրջան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կող­մէ:

1982-ին, երբ մենք Ֆի­լա­տելֆ­իա հաս­տատ­ուե­ցանք, ես հինգ տա­րի­ներ պատիւը ու­նե­ցայ օրի­որդ Այ­գո­յին հետ պաշ­տօ­նա­վա­րե­լու Հայ­կազ­եան Վար­ժա­րա­նէն ներս: Ան իմ զա­ւակ­նե­րուս` Սօ­նա­յին եւ Պօ­ղո­սին ալ ու­սուց­չու­հին էր: Երբ լսե­ցին իր մա­հը, նեղ­ուե­ցան ու ըսին, ամա, օրի­որդ Այ­գօն մե­ռա՞ւ: Ան իր աշա­կերտ­նե­րուն հա­մար ան­մահ էր:

Օրի­որդ Այ­գօն այն մշակն էր, որ ան­սա­կարկ ցա­նեց, իր հա­յե­րէ­նի սէ­րը փո­խան­ցե­լով ապա­գայ սե­րուն­դին:  Ան լաւ գի­տէր Ոս­կեղ­նի­կի կա­րե­ւո­րու­թիւնը: Ինչ­պէս “Հայ Լե­զուն Տունն է Հա­յուն“, այն­պէս ալ “Հայ Դպրո­ցը Տունն է Հա­յուն“, ամէն Հայ մա­նուկ, պար­տա­ւոր է Հայ­կա­կան վար­ժա­րան յա­ճա­խէ, ամե­նօր­եայ կամ նուա­զա­գոյ­նը` մի­օր­եայ:

Շատ ազ­դե­ցիկ թա­ղում եղաւ: Իր քրոջ տղան ու ըն­տա­նի­քը ամէն բան կա­տար­եալ կար­գադ­րած էին: Տէր Ներ­սէս Ա. քհն. Մա­նուկ­եան յի­շեց օրի­որդ Այ­գո­յի բազ­մա­վաս­տակ մշակ ըլ­լա­լը ու ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց եկե­ղեց­ւոյ եւ Հայ­կազ­եան Վար­ժա­րա­նի կող­մէ: Մար­մի­նը երբ եկե­ղեցի­էն դուրս կը հա­նէ­ին, երգ­ուե­ցաւ “Կիլիկ­իա“ եր­գը, որը ար­ցուն­քի տա­րափ մը բե­րաւ աչ­քե­րէս: Ես ալ ու­սուց­չու­հի ըլ­լա­լով, ին­ծի հա­մար շատ դժուար է ու­սու­ցիչ մը թա­ղել Եւ մա­հա­մերձն ալ կ՛ու­զէ եր­կու բան, նախ կեան­քը, ապա լա­ցող մը իր վրան:

Երբ հո­ղին յանձ­նե­ցին մար­մի­նը, Տէր Հօր առա­ջար­կով, որ­պէս կու­սակ­ցա­կան եր­գե­ցինք “Քեռի­ին Երգ“ը, “Ահա հան­գիստ հող կը մտնեմ, յոյսս Դուք էք ըն­կեր­ներ“: Նուիր­եալ  Հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ ըլ­լա­լը այս օրե­րուն, ֆե­տա­յի ըլ­լա­լու հա­մա­զօր է:

Ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներս իր սի­րե­լի­նե­րուն, աշա­կերտ­նե­րուն Հ.Օ.­Մ.-ի եւ Հ.Յ.Դ.-ի ըն­կեր­նե­րուն եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րուն:

Հո­ղը թե­թեւ գայ սի­րե­լի Օրի­որդ Այ­գօ, մենք քեզ միշտ պի­տի յի­շենք:

ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ-ՊԱԼԱՆԵԱՆ

Ֆի­լա­տելֆ­իա

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles