ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՊԱՏ. Ա. ՊՈՅՆԷՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

0 0
Read Time:58 Second

Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի յարանուանութիւններու հետ նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրէն ներս, Շաբաթ, 30 յունուար 2010-ին, կեդրոնական կոմիտէէն ներկայացուցչութիւն մը հանդիպեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան ներկայացուցիչ՝ պատուելի Աւետիս Պոյնէրեանի հետ, Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական  եկեղեցիէն ներս:

Ձախէն աջ՝ Պոսթընի «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան հերթապահ ընկ. Յովհաննէս Ճանէսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան ներկայացուցիչ՝ պատուելի Աւետիս Պոյնէրեան եւ Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի «Ա. Շիրակեան» Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկ. Հրայր Պարոնեան (Նիւ Ճըրզի)

Սոյն հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանը եւ Սփիւռքը յուզող հրատապ հարցերը, ինչպէս նաեւ գաղութի մակարդակի վրայ աւելի բարձր մակարդակի համագործակցութեան եզրեր: Խօսակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ Սփիւռքի մէջ, ՀՅԴ – յարանուանութիւններ զանազան մարզերէ ներս՝ տարիներու համագործակցութիւնը:

Յատուկ ուշադրութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար, Հիլըրի Քլինթոնին ուղղուած նամակը, որ կը բողոքէր նախարարուհիին որոշման դէմ՝ բացառելու ամերիկահայ համայնքներու մեծ մասը յառաջիկայ օրերու հանդիպումէն:

Երկու կողմերը բարձր գնահատեցին վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը, մանաւանդ այս օրերուն, երբ հայ ժողովուրդի բոլոր համայնքները պէտք է միասին աշխատին, Ցեղասպանութեան 95-ամեակի նախօրէին, դէմ դնելով Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութեանց սպառնալիքներուն:

Մօտ կէս ժամ տեւած ջերմ հանդիպումէն ետք, կողմերը բաժնուեցան ապագային կրկին հանդիպելու եւ սերտ համագործակցութեան ձեռք երկարելու մտադրութեամբ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles