ԱզգայինԳլխաւոր

Տեղի ունեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Ղեկավար Մարմիններու Ընդլայնուած Խորհրդաժողովը

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով, Փետրուար 19-20-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ընդլայնուած խորհրդաժողովը՝ մասնակցութեամբ աւելի քան քսան երկիրներու Հ.Յ.Դ. կազմակերպական կառոյցներու ներկայացուցիչներու։

Խորհրդաժողովին ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուեցան աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայոց պետականութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ համակարգուած եւ ցանցային աշխատանքներու իրականացման հարցերը։

Advertisement Subscribe Today

Առանձնայատուկ շեշտուեցաւ ազգային ինքնութեան, ազգային արժէքներու եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ մեր պետականութեան դիմագրաւած անվտանգային մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն դիմակայելու գործին մէջ հետեւողական եւ միասնական ջանքերով, բոլոր ճակատներուն վրայ, աշխատանքները շարունակելու կարեւորութիւնը։

Հ.Յ.Դ. Բիւրօ
21 Փետրուար 2026

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button