ՀԱԼԷՊ.- Հաղորդուած տեղեկութիւններու համաձայն, Երեւանէն ժամանած` Հալէպի օդակայանէն դէպի քաղաք վերադարձի ճամբուն վրայ, արձակազաններու կրակոցներու ենթարկուած են հայ ճամբորդներու ինքնաշարժներ:Այս կրակոցներուն զոհ գացած են չորս հայորդիներ, որոնց կարգին` Արսէն Պէպէճեան եւ Յարութ Սովալեան: Նաեւ վիրաւորուած են Հրակ Պէպէճեան եւ իր կողակիցը, որուն վիճակը բաւական ծանր է: