
Յունիս 17, 1989-ին գումարուած հիմնադիր ժողովին, ընդունուեցաւ Հայոց Համազգային Շարժման հռչակագիրը, որ կ՚ազդարարէր Հայոց Համազգային Շարժման կազմութեան մասին, իբրեւ հասարակական միութիւն: Ըստ հեղինակներուն, այս հռչակագիրով կազմակերպական ձեւ կը տրուէր «մէկ ու կէս տարի ողջ հայութեան մէջ ընդունուած ազգային շարժումին»: «Հայոց Համազգային Շարժումը կոչ է անում բովանդակ հայութեանը անդամագրուել մեր կազմակերպութեանը»:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոն, 1989-ի Յուլիսին, յատուկ յայտարարութեամբ մը նախ կը հնչեցնէ Արցախեան շարժումի հասունացման ժամը, ապա կը թուէ «ռազմավարական այն սկզբունքները, որոնք ուղենշային արժէք ունին հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ինքնահաստատման պայքարը յաջողութեամբ պսակելու համար»: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց «Արցախը Խ. Հայաստանի հանրապետական կազմին միացնելու պայքարը իր առողջ ու իրատես հունին մէջ պահելու համար, հայրենի հայութիւնը ամէն բանէ վեր պէտք է ապաւինի սեփական ուժին եւ, առ այդ, պէտք ունի իր քաղաքական կամքը արտայայտող բոլոր կռուաններուն՝ ժողովրդային իր կազմակերպութեանց, մտաւորականութեան եւ պետական իշխանութեանց միակամ պահանջատիրութեան»: Եւ սկզբունքներու շարքը կը շարունակուի «ժողովրդավարական ազատութեանց եւ ընկերային արդարութեան ամրապնդում»ով, «ներքին հողերու թէ Արեւմտահայաստանի վերատիրացման ճամբով հայութեան ազգահաւաքին իրականացումը երաշխաւորելով» եւ հաստատելով, որ «Հայ ժողովուրդի հողահաւաք-ազգահաւաք առաջնահերթ նպատակին խոչընդոտ կանգնող եւ ընդհանրապէս հայութեան ազգային-քաղաքական վերականգնումին սպառնացող գլխաւոր վտանգը համաթուրականութիւնն է»:
Վերոնշեալ «Ամբողջական Հայաստանի եւ Ամբողջական հայութեան ի խնդիր մղուած երկարամեայ պայքարի կենսափորձին վրայ» խարսխուած այս սկզբունքներով զինուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն կ՚ըսէ. «Իսկ այսօր, երբ հնչած է ժամը համազգային միակամ պահանջատիրութեան՝ ոչ մէկ խուսափում արտօնելի է պատմական մոմենտի այդ պատասխանատուութենէն»: Դաշնակցութիւնը «ողջունելով համահայկական պայքարի միացեալ ճակատ կազմելու ճիգերը, կարեւորութեամբ կը շեշտէ… հայրենի ու տարագիր հայութեան բազմութիւնները իբրեւ միեւնոյն դատին պահանջատէր ընդունելու եւ Հայ Դատի պայքարը իբրեւ ամբողջ հայութեան անկատար տենչերու խտացումը դաւանելու հրամայականը»:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը այսպէս ուզեց տեսնել «պայքարի միացեալ ճակատ կազմելու ճիգը» եւ զայն ողջունեց «Համազգային միութեան այդ կամքը նուիրագործելու» սպասելիքով: Դաշնակցութեան խօսքը պարզ էր ու մէկին, Արցախեան պայքարին լծուած խմբաւորումներուն միաւորումը ողջունելի է, եթէ այն կը նպատակադրէ միակամ պայքար՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական իր բոլոր իրաւունքներու նուաճումին:
Պէտք է ըսել, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «եթէ»-ն ունէր իր տրամաբանական ու իրական հիմնաւորումը: Օրեր առաջ, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի 23 Յունիսի նիստին ելոյթ ունեցած էր Ղարաբաղ Կոմիտէի ղեկավար անդամ Լեւոն Տէր Պետրոսեան: Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը այդ ելոյթը տպած էր «Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Մտահոգիչ Ելոյթը» խորագրին տակ եւ խմբագրական նկատողութեամբ մը դիտել կու տար. «Լեւոն Տէր Պետրոսեան Ղարաբաղ Կոմիտէի անունով մտահոգիչ արտայայտութիւններ կ՚ունենայ հայ քաղաքական մտքին կողմէ վաղուց վճռուած հարցերու շուրջ…: Անմիջապէս չենք ուզեր դիրքորոշուիլ նման զարտուղի եւ դատապարտելի կեցուածքի մը նկատմամբ եւ պաշտօնական մեր խօսքը կը բանաձեւենք՝ անմիջապէս որ ըստ էութեան եւ ըստ ամենայնի Ղարաբաղ Կոմիտէն իր տեսակէտը յստակացնէ այս ուղղութեամբ»:
Տէր Պետրոսեան, խօսելով Ղարաբաղ Կոմիտէի անունով, իր ելոյթը կը կառուցէ հիմնական այն համոզումին վրայ, թէ փան-թուրքիզմը վտանգ չէ, իսկ անոնք որոնք այս պահուն կ՚արծարծեն փան-թուրքիզմը իբրեւ վտանգ՝ հայ ժողովուրդը կը զրկեն դաշնակից «դեմոկրատական ուժերի» համակրանքէն եւ պատճառ կ՚ըլլան, որ այն կրկին վերածուի քաղաքական գործօնի եւ Հայաստան կրկին դառնայ փան-թուրքիզմի թիրախ: «Թէեւ փան-թուրքիզմը, որպէս գաղափարախօսութիւն, ապրելով իր ծաղկումը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքում, ներկայումս փաստօրէն կորցրել է քաղաքական գործօնի իր բովանդակութիւնը, քանի որ թուրքալեզու ժողովուրդները բռնել են ազգային զարգացման ուղին»,- համոզուած է Տէր Պետրոսեան: Ըստ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, «Ղարաբաղեան Շարժման Հայաստանի կոմիտէն խստագոյնս դատապարտում է Հայկական Հարցը միջազգային յարաբերութիւնների էժանագին խաղաքարտ դարձնելու փորձը եւ համոզմունք յայտնում՝ որ մեր ազգային իղձերի իրականացման միակ ուղին երկրի դեմոկրատացման գործընթացի անշրջելիութեան ապահովումն է եւ հայ ժողովուրդի միաբանութիւնը՝ կերտուած Հայոց Համազգային Շարժման գաղափարական սկզբունքների վրայ»:
Ընդունինք, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին խօսքն ալ պարզ էր ու յստակ եւ եթէ փորձենք ամփոփել, ապա՝ փան-թուրքիզմը վտանգ չէ, անոր վտանգի մասին խօսողները Ռուսիոյ շահերուն կը ծառայեն, թրքալեզու ժողովուրդները զարգացման ուղին բռնած են, պէտք չէ Հայկական Հարցը արծարծել, Արցախի հարցը կը լուծուի դեմոկրատականացման ճամբով եւ հայ ժողովուրդի միաբանութիւնը կրնայ կերտուիլ միայն Հ.Հ.Շ.ի գաղափարական սկզբունքներու վրայ:
Ակնյայտ էր, որ Արցախեան Շարժումի էութիւնը ընկալելու, աշխարհաքաղաքական ընդհանուր կացութիւնը վերլուծելու, միակամ պայքարի սեփական սահմանումը կատարելու առումներով Լեւոն Տէր Պետրոսեանին հետեւող Հ.Հ.Շ.ականները հակադրուած էին, ոչ միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ռազմավարական սկզբունքներուն, այլ նաեւ վերակառուցման հնարաւորութենէն օգտուած եւ ազգային հարցերու շուրջ բարձրաձայնող բազմաթիւ մտաւորականներուն: Փաստօրէն, տէրպետրոսեանական համոզումները եղան ՀՅԴին համար ողջունելի «համահայկական պայքարի միացեալ ճակատ կազմելու» իրական ճիգերը խոչընդոտող ազդակ, որուն նկատմամբ Դաշնակցութիւնը համբերութեամբ իր անհամաձայնութիւնը բարձրաձայնեց, իսկ Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հ.Հ.Շ.-ն, իրերայաջորդ քայլերով, անհամաձայնութիւնը կը տանէր առճակատման, որ մեծ հարուած կը հասցնէր այնքան ցանկալի ներազգային միասնականութեան: