
Գէորգ Պետիկեան
Դարձեալ վերամուտ է: Կրթական նոր տարեշրջան: Կրկին հայ դպրոցին վերամուտն է, որուն ձայնը մեզ կեանքի կը կանչէ: Բայց եւ այնպէս գիտենք, որ սովորաբար այս շրջանին, աշակերտը ամռան «արձակուրդէն» ետք, կը վերադառնայ դպրոց: Ոտնաձայները լսելի են:
Բայց, ի՞նչ վերադարձի մասին է խօսքը: Ի՜նչ ոտնաձայն: Վրաս գրէ՛:
Յստակ է, թէ անգամ մը եւս կը գտնուինք ուսումնական, սակայն բոլորովին նոր տարեշրջանի մը սեմին: Նախկիններէն բոլորովին տարբեր: Անհաւատալի: Անօրինակ:
Ու կը հաստատենք, թէ այս մէկը՝ մեր գիտցած վերամուտը չէ: Չի նմանիր:
Սակայն ամէն տեղ պարագան նոյնն է, իսկ նորութիւնը… այս անգամ՝ դպրոցը տան մէջ:
Բայց չէ,՞ որ հայկական վարժարանն էր հայ աշակերտին երկրորդ տունը: Ի՞նչ եղաւ յանկարծ, որ տունը դարձա՛ւ հայ աշակերտին նոր եւ առաջին «դպրոցը»:
Զարմանալու չէ: Պատճառը անշուշտ՝ բոլորիս ծանօթ, այս անիծեալ քորոնան է:
Անոր համար է, որ ամէն օր, յոյսերու մէջ փաթուած կ’ապրինք: Կ’երազենք ու չենք գիտեր տակաւին որքա~ն ատեն երկար պիտի խօսինք այս մասին: Նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ որքա~ն ատեն յոյս պիտի մուրանք:
Ու գաղտնիք մը չէ, որ ներկայիս կ’ապրինք տեսակ մը կացութիւն: Անհամ իրավիճակ:
Արդ, պարզապէս յիշողութիւնը թարմացնելու համար ըսեմ.- կա՛ր ժամանակ, որ մեզի համար ուսումնական նոր տարեշրջանի մը վերամուտը կը սկսէր նշանակուած ժամկէտէն քիչ առաջ: Այսպէս, օրերով մեր մամաներուն հետ եւ ամէն երեկոյ, մէկ գրավաճառէն միւսին պիտի անցնէինք՝ նոր գիրք կամ գիրքեր պիտի գնէինք կամ հինն ու հիները՝ ծախէինք: Ապա տետրակ, մատիտ, կապոյտ կողք, սրբիչ եւ տաշելիք պիտի ապահովէինք: Բախտաւոր պարագային՝ դպրոցական նոր պայուսակ: Իսկ բացման առաւօտուն, մեր երեսը խաչակնքելով, մաքուր հագուած, տունէն դուրս գալով, վազելով ե՛ւ կարօտով ե՛ւ ուրախ դպրոց պիտի մտնէինք: Առաջին զանգին՝ դասարանային շարքերով դպրոցի բակին կամ սրահին մէջ շարուելէ ետք, «Տէրունական աղօթք» կամ «Առաւօտ Լուսոյ»-ն պիտի երգէինք:
Այս բոլորը իրապաշտ կերպով կը յիշեմ: Կը հաւատամ, որ այս պահուն, այս տողերովս, շատերուն յուշերը, հազար թելերով արդէն սկսած են քակուիլ, միաժամանակ տաքուկ ջերմութիւն եւ անկեղծ յուզում մըն ալ բերելով իրենց հետ:
Կարծես խօսողը երեւակայութիւնս ըլլար:
Ապա յետոյ…նոյն այդ շարքին մէջ, անհամբեր եւ անհանգիստ կեցած, տնօրէնին, վարժարանի եւ քաղաքի մեծերու «խօսքերը» լսելէ ետք, դասարան պիտի մտնէինք: Հին ու նոր աշակերտներ եւ պատին վրայ գրուած՝ նոր դասացուցակ: Ուրախութիւն եւ խանդավառ մթնոլորտ:
Է~հ…երանելի օրեր:
Իսկ այսօր…իսկ այս օրերուն… առաջին «զանգը» հաւանաբար սկսի աշակերտին մօրը, իր զաւկին զգուշութեան հրաւիրող ձայնով, կամ ալ՝ որոշուած ժամուն, համակարգիչի պաստառին վրայ ուսուցիչին ժպտուն դէմքին յայտնութեամբ:
Դո՛ւք ըսէք: Ո՞ւր մնացին ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն արտասանած կայծ բռնող բառերն ու նախադասութիւնները, ընկերներու ներկայութիւնը բուրող հաճոյքը: Ո՞ւր…:
Ճիշդ է. վերամուտ է, սակայն նախկիններուն, նոյնիսկ անցեալ տարուան հեւքն ու եռանդը չենք զգար: Ինչպէ՞ս կրնանք ընդունիլ կեանքի այս նոր ճշմարտութիւնը: Իսկապէս, որ այս տարի վերամուտը կորսնցուցած է իր խորհրդաւոր եւ լիարժէք իմաստը: Ամէն ինչ խառնակ: Տեսակ մը կացութիւն: Բաց մը կայ: Զգալի մեծ բաց մը: Օտար, անծանօթ եւ նոյնքան ալ ծանօթ: Լուրջ եւ վտանգաւոր, որուն վրայ կեանքի նոր դէպքերը իրենց հետքերը դրօշմած են: Ունին: Ամէն տեղ անորոշութիւն եւ անկանոն կացութիւն: Բայց… կը համոզուինք: Ուրիշ ճար չունինք:
Հայու հոգին դժուար կացութեան մէջ է: Այս իրավիճակը, համազգային խնդիր ալ է: Ամէն երկիր եւ գաղութ ունի նոյն հարցը: Մտահոգութիւնը կը պատկանի բոլորիս: Անխտիր: Սկզբունքները խախտած են, նոյնիսկ՝ արժէքազրկուած ու որբ ձգած մեր բաղձանքներն ու ակնկալութիւնները: Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս այս մթնոլորտէն ներս թափանցել, երբ խճողուած են ժամանակներն ու մարդիկ: Իրականութիւնը շատ անողոք է: Նաեւ աւելցնեմ, որ արդէն մեր ստացած ցնցումներն ու տպաւորութիւնները մեզ շուարումի ալ մատնած են:
Իր կարգին հայ կեանքն ալ այս տարի, ամիսներէ ի վեր, իր շրջագիծը կորսնցուցած է: Բոլորիս համար բացայայտ է, թէ ծանօթ պատճառներով կ’ապրինք խառն ժամանակներու մէջ, որոնց բաւականին ծանր բացասական անդրադարձներէն բոլորս ալ անմասն չենք կրնար մնալ։ Աշխարհը վկայ:
Կասկած չկայ, որ իբրեւ հայ, մեր ինքնութիւնը կը սկսի հայ վարժարաններէն: Մեզի համար կենսական եւ հարկ է, որ հայ դպրոցը շարունակէ եւ կատարելագործէ իր առաքելութիւնը, որպէսզի մեծ ու փոքր հայ աշակերտը չկորսնցնէ հայերէն սորվելու, խօսելու, կարդալու եւ գրելու իր իրաւունքը։
Բայց…: Ա՛խ, անիծեալ քորոնա: Կը կրկնենք: Բոլորս ալ իր «երեսէն» կ’ապրինք զանազան վերիվայրումներ, որոնք դարձած են սուր եւ մեծ մտահոգութիւններ ու հարցեր: Նաեւ առկայ են խնդիրներ, որոնք հայեցի դաստիարակութեան մեր մօտեցումները, ըմբռնումներն ու մեթոտները պարտադրաբար վերանայումի կ’ենթարկեն:
Գիտենք, որ հայ դպրոցը իմաստաւորողը ինքը՝ հայ ուսուցիչն է, մեզի քաջածանօթ հայ կրթական համեստ մշակը: Ուստի, երբ ամէն անգամ հայ դպրոցի մասին է մեր խօսքը, անմիջապէս մեր աչքին առջեւ կը մարմնաւորուի հայ ուսուցիչը: Իսկ այս օրերուն, ուսուցիչի չափ դեր եւ պատասխանատուութիւն ինկած է նաեւ հայ ծնողքին վրայ՝ իր իսկ տան մէջ:
Տուն եւ կամ դպրոց: Կարեւոր չէ: Էական է, թէ ինչպէ՞ս կ’ըմբռնենք կեանքն ու հասարակութիւնը:
Արդ, ինչ որ ալ ըլլան ներկայի ուսումնական եւ դաստիարակչական ձեւերն ու որդեգրումները, ըլլան անոնք դասարանային եւ աշակերտի թիւի կրճատումի օրինակով, շաբաթական մէկ-երկու օրերու համրանքով, դիմակով եւ կամ առանց դիմակի հեռաւորութիւն պահելով եւ կամ ալ ծնողքին հետ «քիթ-քիթի» Zoom-ի ձեւով. մեր անմիջական մտահոգութիւնն է, որ ներկայ այս դրութեամբ, ինչպէ՞ս հայ աշակերտին կարելի պիտի ըլլալ հայու ոգին փոխանցել եւ միաժամանակ՝ հայերէնը ապրումի վերածել:
Ահա թէ ինչո՞ւ անգամ մը եւս մեր աչքին առջեւ կը պարզուի յաճախ քարեղէն եւ արդիական, ճոխ ու գեղեցիկ եւ կամ՝ չոր ու ցամաք հայ վարժարանի էականութիւնը, անոր՝ սրբավայր ըլլալը, անոր՝ հայ աշակերտին մտքին ու հոգիին հաւատքի տաճար դառնալը:
Ըսէ՛ք խնդրեմ, ի՞նչ կ՛արժէ հայութեան մասին տեղեկութիւն ունենալ եւ կամ տալ, երբ ոգին բացակայ է: Գիտենք նաեւ, որ լեզու մը ողջ է եւ կը մնայ, եթէ զայն խօսողներ կան: Սակայն գիտենք նաեւ, թէ այդ լեզուն գիտնալը բաւարար չէ: Հիմա այս դրութեան մէջ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հայ աշակերտը, հայ «դասարանի» մթնոլորտէն ներս, հայերէնով պիտի կարենայ հաղորդակցիլ իր դասընկերոջ հետ: Ե՞րբ:
Ճիշդ է, որ արդէն իսկ ժամանակները փոխուած են։ Նորութիւններ չեն: Փոխուած են նաեւ մեր նոր սերունդի մտայնութիւնները, հետաքրքրութիւններն ու ճաշակները: Այսօր հայեցի դաստիարակութիւն ըսուած հասկացողութիւնը այն չէ, ինչ որ էր ասկէ աւելի քան կէս կամ մէկ տարի առաջ էր: Լաւատեղեակ ենք, թէ հայեցի դաստիարակութեան բացակայութիւնը, մեզ պիտի հեռացնէ մեզմէ, մեր միջավայրէն ու նոյնիսկ մեր գաղութէն: Անոր համար այս օրերուն կը զգանք օրուան եւ ժամերուն ծանրութիւնը:
Ստիպուած ենք եւ մեր բոլորին խղճի պարտքն է, նոր սերունդին մասին մտածել, լրջօրէն եւ ոչ պատահական: Լաւ քաղաքացի, լաւ զինուոր եւ հայրենասէր մարդ պատրաստող լծակ է հայ դպրոցը, ո՛չ մէկ կասկած: Իսկ այս օրերուն ալ զինք փոխարինող՝ հայ տունը պէ՛տք է, որ ըլլայ:
Վստահաբար եւ արդարօրէն հայ աշակերտը հայ ուսուցիչին, հայ միտքը հայեցի շունչով մատուցած ջերմ սէրն ու գուրգուրանքը պիտի կարօտնայ: Որովհետեւ, ո՛ւր որ հայութիւն կայ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքներու տարածքներուն, մե՛ր լեզուն, մե՛ր մշակոյթը եւ մե՛ր պատմութիւնն է, որ մե՛ր ազգը յաւիտեան պիտի պահէ: Եւ ահա հայ ուսուցիչին սրբազան պարտականութիւնը.- ստեղծել հաճոյքը: Հայերէնը՝ մայրենին, կենսունակ պահող հաճոյքը:
Ուստի հայ ծնողներուն գիտակցութիւնն ու այս առթիւ հետաքրքրութիւնը խիստ անհրաժեշտ են:
Անկասկած լուրջ ծրագրումով, կրթական եւ դաստիարակչական նոր համակարգ մը կայ, եւ կամ մշակուած է, որ իր նոր ձեւաչափով եւ իր մեծածաւալ մատուցողական աշխատանքով, այս վերամուտին պիտի հրամցուի հայ աշակերտին, առցանց կամ ուղղակի:
Պէտք չէ՛ յուսահատիլ: Մենք պատմութեան հարուածներուն տակ ապրած ժողովուրդ ենք: Բայց նաեւ՝ ստեղծագործ: Չմոռնանք:
Իբրեւ ծնողք, հայ ծնողք եւ կամ՝ հայ ուսուցիչ եւ հայ անհատ, գիտակից ենք, որ մեր մայրենի լեզուն անփոխարինելի արժէք մըն է, որ կը պահպանուի նաեւ պայքարով:
Ուստի միակամ ծրագրով՝ հայերէնն ու հայեցի դաստիարակութիւնը, փայփայել է պէտք:
Մէկ խօսքով, պատասխանատու մօտեցում եւ խղճամիտ կեցուածք: Համահայկական եւ ազգային մտածողութիւն: Գիտակից կամք: Զոհաբերող ոգի: Իսկական ճիգ եւ աշխատանք: Ինչ կ’ուզէք աւելցուցէ՛ք:
Անհրաժեշտ է իրատես ըլլալ եւ կարեւորը՝ այս մտահոգութիւնները ուսուցիչի կողքին անպայման հայ ծնողքն ալ բաժնեկից դարձնելն է եւ յատկապէս ապաւինելով անոր լայն եւ գիտակից հսկողութեան եւ օժանդակութեան:
Մնացեալը՝ Աստուած մեծ է…: