Լրահոս

Վարք` Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերու

Սօսէ Փիլաւճեան
Ս.Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները ներկայացուցին վարքը` Հայ եկեղեցւոյ հայրերու` Յովհան Օձնեցիի, Յովհան Որոտնեցիի եւ Գրիգոր Տաթեւացիի, որոնք իրենց նշանակալի աւանդը բերած են հայ հոգեւոր կեանքի բարգաւաճմանը գործընթացին մէջ։
Շաբաթ, 7 Մարտի, երեկոյեան, դպրեվանքի Սուրբ Յովսէփ մատրան մէջ, ընկալեալ սովորութեանց համաձայն, ժառանգաւորները ներկայացուցին` Հայ եկեղեցւոյ հայրերու վարքը։
Աբրահամ Արմէնակ ներկայացուց` Յովհան Օձնեցի հայրապետը` 717-728-ին, երբ Հայաստանը արաբական գերիշխանութեան ներքոյ ընկրկած էր, Օձնեցի ազգը փրկեց բռնի կրօնափոխութենէ եւ յաջողեցաւ, որ հայը մնայ իր քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Յաջողեցաւ նաեւ տուրքերէ զերծ պահել հայ Եկեղեցին։ Ան ժողովուրդին սիրոյն, յարգանքին եւ համակրանքին արժանացաւ։
Յարութ Պէրպէրեան ներկայացուց` Յովհան Որոտնեցին որպէս հոգեւոր` ծառայեց Գլաձորի եւ Տաթեւի վանքերուն մէջ։ Իր աշխատասիրութիւնները` Յովհաննու Աւետարանի եւ Պօղոս Առաքեալի թուղթերու մեկնութիւնները` խիստ շահեկան են։
Աբրահամ Իսահակեան ներկայացուց  Գրիգոր Տաթեւացին, որ  եղած է Յովհան Որոտնեցիի աշակերտը։ Ծնած է 1346-ին, Վայոց Ձոր։
Ան եղած է ականաւոր գիտնական, քաջածանօթ լատիներէնի եւ հմուտ յունական իմաստասիրութեան։ Գլխաւոր գործերն են` «Գիրք Հարցմանց», «Ամարան» եւ «Ձմերան» քարոզգիրքերու զոյգ հատորները։ Տաթեւացի վախճանած է 1409-ին, եւ հայ եկեղեցւոյ կողմէ դասուած սուրբերու վերջինը հանդիսացած է` մինչեւ 2015, երբ սրբադասուեցան Ապրիլեան մէկուկէս միլիոն նահատակները։
Իսկ 2025-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին` Լեւոն ԺԴ պապի կողմէ`
Մարտին քաղաքի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան նահատակ` եւ Զմմառու ժառանգաւորաց բաժնի անցնող 25-տարիներու բարեխօս` Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասումը։
Ներկայացման աւարտին` դպրեվանքի տեսուչ` Գեր.Հ.Կարապետ Վրդ. Գլընճեան խօսք առնելով բարձր գնահատեց ժառանգաւորներու կողմէ երկշաբաթեայ դրութեամբ ներկայացուցած
սոյն նախաձեռնութիւնը` կապուած հայ եկեղեցւոյ հայրերուն եւ խրախուսեց անոնց, ըսելով, թէ նմանօրինակ օգտաշատ միջոցառումներ կը նպաստեն դպրեվանեցիներու կոչմանը, որովհետեւ հայրերու բարի վարքը օրինակ կը հանդիսանայ եւ կը խթանէ ժառանգաւորին` հաստատ եւ վստահ քայլերով ընթանալու իր ընտրած Քրիստոսի ճանապարհին մէջ։

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button