Վազգէն Շուշանեանի Տողերը՝ «Հայրենիք»-ի էջերուն
Լենա Նազարեան / Տիրթոյթ — Միշիկըն
«Հայրենիք» – Բացառիկ Դեկտեմբեր 2025
Եղեռնապուրծ սերունդի եղերաբախտ երիտասարդ Վազգէն Շուշանեանի (1903-1941, ծննդեան անուն՝ Օննիկ Շուշանեան) ոդիսականը իւրօրինակ էր՝ տարագիր կեանքով, անգերեզման վախճանով եւ անտէր անտիպներով…
Յետ-եղեռնեան արեւմտահայերէնի ամէնէն նրբերանգ գունապանակը Շուշանեանի՛նն էր, անկասկած։ Մայրենին անօրինակ «խանդաղատանք-աղապատանք»ով օծած գրչի սպասարկուն ընթերցողին կտակեց լեզուի անօրինակ զգացողութիւն մը, հիւթե՛ղ ու հոգեթո՛վ, զոր կ՚ըմբոշխնես ցմրուր, որ կը զգլխէ քեզ եւ որուն համն ու հոտը կը յամենայ յետին բջիջներուդ մէջ…
Ոսկեղենիկի մեն մի հունչով շնչաւորուող տարաբախտ Շուշանեանի անտիպները եւս կիսեցին իր ճակատագրի «Դառն հացը», անարձագանք մնաց նոյնիսկ իր կտակը, որուն հետ նոյնինքն կտակատարները վարուեցան քմահաճօրէն։ Մահուան քսանամեակէն շատ առաջ, ի հեճուկս իր կտակին, Վիէննայի Մխիթարեաններուն մօտ պահ դրուած անտիպները յայտնուեցան մամուլի էջերուն եւ լոյս տեսան առանձին հատորներով։ Շուշանեանական աշխարհին ծարաւի ընթերցողը ըմբոշխնեց հրամցուածը, բայց Շուշանեանի կտակին անհաւատարմութեան մէջ ակամայ բաժին ունենալու մտալլկանքը երբեք չլքեց զինք…

1937-ի Օգոստոս 4-ին Շուշանեան Փարիզէն կ՚ուղարկէ ձեռագրերու «կաշիէ պայուսակը»՝ «շուրջ 2500 էջ,- 20-ի չափ կազմուած տետրակներ», իբրեւ աւանդ ի պահ դրուելիք ձեռագրերու ցուցակը բովանդակող նամակով մը, ուր Ա. մասով կը յիշուին 16 անուն Ձեռագիր աշխատանքներ, իսկ Բ. մասով՝ «Լոյս տեսած աշխատանքներ»ու 10 բաժիններ, զորս կ՚ընդգրկեն սփիւռքեան մամուլին մէջ սփռուած աշխատակցութիւնները։ «Մենք»-ի, «Մարտկոց»-ի, «Դրօշակ»-ի, «Նաւասարդ»-ի, «Ազդարար»-ի, «Յուսաբեր»-ի եւ այլոց շարքին, բայց անոնցմէ առաջ, առաջին երկու գլուխներով հեղինակը կը նշէ.-
1- Կազմուած գիրք մը «Հայրենիք» ամսագրի աշխատակցութիւնս պարունակող.-
Ա.Սիրոյ եւ արկածի տղաքը, Բ. Զանազան բանաստեղծութիւններ, Գ. Առաջին սէրը, Դ. Գորշ օրեր, Ե. Սիրոյ եւ մեղքի պարտէզը, Զ. Ցայգերգը, Է. Մահուան առագաստը։
2- Կազմուած գիրք մը- Օրերը գեղեցիկ չեն «Հայրենիք» ամսագրէն։
Վերոյիշեալէն ակնյայտ կը դառնայ Շուշանեան-«Հայրենիք» իւրայատուկ կապը. թուարկուած աշխատանքներուն նկատառելի բաժինը հիւրընկալուած կը գտնենք «Հայրենիք»ի էջերուն…
Հետաքրքրական է «Հայրենիք»-Շուշանեան յարաբերութիւնը։ Արդարեւ «Հայրենիք» անսալով հայ գիր ու գրականութեան սպասարկուի իր կոչումին, ոչ միայն չ՚երկնչիր «նորելուկ» գրիչներ հիւրընկալելէ, այլեւ զիրենք քաջալերելու հնարքներ կ՚որոնէ։ Այսպէս է, որ «Գրական մրցանակներ»ու մտայղացումը կ՚ունենայ Բ. տարուան 6-7 համարնեով, ուր կը յիշէ երկու ազգայիններու խոստացած 50-ական տոլարի պարգեւ մը՝ «լաւագոյն գրական կտորին», իսկ Բ. տարուան 1-ին թիւով կը ծանուցէ մրցանակակիրներուն անուններն ու երկերը.- Ռէն՝ «Ծերացած Աստուածն ու սատանան» պատմուածքով, Հրաչ Զարդարեան՝ «Երբ երազները կ՚ուշանան» պատմուածքով եւ կը յաւելէ.- «Այս առթիւ Խմբագրութիւնս պատշաճ դատեց նաեւ իր կողմէն 50 տոլարի նուէր մը տալ երիտասարդ գրող Վազգէն Շուշանեանին (Վարոս Զաքարեան), որ «Հայրենիք» Ամսագրի Բ. տարուայ ընթացքին յայտնաբերեց գրական աչքառու ձիրքեր»։
Տեղին է նշել որ Շուշանեան ակներեւ ներկայութիւն էր «Հայրենիք»ի Բ. եւ Գ. տարուան համարներուն մէջ, բանաստեղծական՝ «Չարչարանքի պահեր», «Ցնորքների ոստայնը» եւ արձակ՝ «Գորշ օրեր», «Սիրոյ եւ մեղքի պարտէզ», «Առաջին սէրը» եւ «Ցայգերգը» ստեղծագործութիւններով եւ Վազգէն Շուշանեան, Վազգէն Գ. Շուշանեան եւ Վարոս Զաքարեան ստորագրութիւններով։
Ի պատասխան անակնկալ այս պարգեւին՝ խմբագիրին հասցէագրուած նամակով կը կարդանք.-«Նախ՝ ըսեմ, որ ես չէի սպասեր բնաւ նման նուէրի մը, որ անակնկալ մը եղաւ բառին լայն առումովը եւ, ուրեմն, անսպասելի բոլոր բաներուն պէս յուզիչ։ …Կ՚ըսէք, որ ինձ ուղարկուած դրամը նիւթականէ աւելի բարոյական քաջալերութիւն մըն է։ Աղքատ ուսանողի եւ, ինչո՛ւ չէ, աշխատաւորի այս դժնդակ ճամբուն վրայ՝ Ձեր ղրկած գումարը որպէս նիւթական օժանդակութիւն իսկ երախտագիտութիւն ու շնորհակալութիւն պիտի պարտադրէր։…Ուրեմն՝ չափազանց զգացուած եմ կրկին իմաստով արժէքաւոր այս նուէրին համար։ Նախ՝ որովհետեւ որպէս բարոյական օժանդակութիւն զիս կը քաջալերէ իմ աշխատանքներուս մէջ, երկրորդ՝ որովհետեւ զիս կ՚ազատէ շատ նեղ դրութենէ մը. բոլոր պարտքերս կը կարողանամ տալ եւ տակաւին բան մըն ալ կը մնայ քովս կիրակնօրեայ ծախքերու համար»։
Նոյն գիրով Շուշանեան կը խնդրէ «Հայրենիք»-ի թղթակցի անցագիր մը, որ որոշ հաւաքոյթներու, դասախօսութիւններու եւայլն երթալու համար դիւրութիւններ կրնայ տալ»։
«Հայրենիք» ամսագրի 1962-ի Նոյեմբեր – Դեկտեմբեր եւ 1964-ի Մարտի համարներուն մէջ, «Մեր աշխատակիցներու նամակները» խորագրով կը կարդանք Շուշանեանի 1925-26 թուակիր նամակները՝ հասցէագրուած խմբագիր Ռուբէն Դարբինեանին։

Գրական անդաստանին մէջ իր առաջին քայլերը առնող Շուշանեանի համար անգնահատելի են «Հայրենիք»-ի ու խմբագիր Ռուբէն Դարբինեանի ուղորդումները։ «Չեմ կրնար այստեղ չյիշել «Հայրենիք» ամսագրին դերը մեզ՝ երիտասարդ գրողներս քաջալերելու տեսակետէն։ Առանց «Հայրենիք» ամսագրին ես, օրինակ, երբեք պիտի չհամարձակէի ա՜յսքան շատ աշխատիլ … Իսկ ես մասնաւորաբար պէտք է շնորհակալ ըլլամ Ձեր ինձ ցոյց տուած ա՜յնքան հիւրընկալ վերաբերմունքին համար։ Զիս արեւին կը հանէք ու ես պիտի ամչնամ, եթէ չկարենամ Ձեր քաջալերութեան արժանի գործեր տալ»,- կը խոստովանի Շուշանեան։
Շուշանեան – Դարբինեան նամակագրութիւնը կը շարունակուի հետզհետէ աճող հետաքրքրութիւններով ու խորացող քննարկումներով։ Աշակերտ-ուսուցիչ, կամ Շուշանեանի բառերով՝ «հայր-անառակ որդի» կապը կ՛որդեգրէ խորհրդատու-գործընկեր գործելաոճը, ապա կը յանգի գաղափարական-գեղարուեստական հակադիր բեւեռներէ երկխօսութեան եզրեր որոնող խմբագիր-աշխատակից ձեւաչափին:
Այսպէս՝ տեղ մը կ՚ըսէ.- «Ձեր խորհուրդները սիրելի են ինծի…Պիտի խնդրէի ձեզմէ, որ մասնաւորաբար՝ ղրկած բանաստեղծութիւններուս հանդէպ շատ խստապահանջ ըլլայիք, նետէիք մէկ կողմ միջակները», այլ առիթով, ակնարկելով արձակին՝ ի մասնաւորի «Առաջին սէրը» եւ «Ցայգերգը» երկերու որոշակի յապաւումներուն, կ՚ընդվզի, որովհետեւ խմբագիրը «կը փետրաթափէ» զինք եւ այլոց կաղապարը կը պարտադրէ…
«Նոր գրող»ներու աշխատակցութեամբ «Հայրենիք» ամսագրի բացառիկ մը հրատարակելու գաղափարը կը խանդավառէ զինք, անմիջապէս պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աշխատելու, «Բայց Ձեր ուզածին ու իմ յարմար դատածիս մէջ տարբերութիւնը մեծ է» կ՚ըսէ ու քանի մը էջերով կը պարզէ իր ծրագիրը, որ կը միտի համախմբել «10-15 երիտասարդ գրողները իրենց լաւագոյն գործերով» մէկ ամբողջական համարի մէջ։ Կ՚առաջարկէ նաեւ հրաւիրել երիտասարդ գրողներ, որոնք «մեր կուսակցութեան չեն պատկանիր, որ մեզի համակիր չեն, բայց որ դժուար թէ հրաժարին իրենց ըլլալիք նման պատիւէ մը»։

Ուշագրաւ են յատկապէս գրական-գեղարուեստական հարցեր շօշափող նամակները, ուր Շուշանեան հանգամանօրէն կը պարզէ իր տեսակէտերն ու հայ եւ օտար գրականութեանց հեղինակներն ու երկերը վկայակոչելով սպառիչ փաստարկներով կը պաշտպանէ իր թէզը։ Նմանատիպ գիրով մը, Շուշանեան կ՚անդրադառնայ Դարբինեանի դիտողութիւններուն՝ «Չափի զգացումի պակաս» ու «Պոռնկագրութեան հակում», զորս «անհեթեթ» կը գտնէ ու կ՚եզրափակէ.- «Ես միշտ կը պարտիմ Ձեզի։ Շատ բան։ Ապերախտութիւնը մեծագոյն ու աններելի մեղքերէն մէկը կը դաւանիմ, այսուհանդերձ թոյլ տուէք ըսելու, որ «պոռնկագիր» բառը զիս շատ կը վիրաւորէ»։
«Հայրենիք» ամսագրի 1928-29-30 տարիներու համարները ընթերցողի սեղանին կը մատուցեն «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», «Օրերը գեղեցիկ չեն», այնուհետեւ՝ «Դառն հացը» եւ «Մթին պատանութիւն», Յովհաննէս Թրակացի գրչանունով (1939-40)։ Տարի մը ետք, քանի մը համարներով, դարձեալ կը հանդիպինք բանաստեղծ Յովհաննէս Թրակացիի:
Շուշանեան կը հիւրընկալուի նաեւ յետ-մահու, 1942-43-ի համարներով, իր կարապի երգով՝ «Օրագիրս» էջերով, զորս թուղթին յանձնուած է 5-16 Փետրուար 1941-ին։
Եթէ Շուշանեան կարդալը հաճոյք էր, Շուշանեան հրատարակելը հրամայական էր, իսկ առիւծի բաժինը ստանձնողը «Հայրենիք»-ն էր…
Լուսանկարները՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւէն

