Յակոբ Ասատրեան
Սքոփիէյի (Մակեդոնիա) մէջ առաջին հայերը յայտնուած են 17-րդ դարի ընթացքին: Պալապանով (Պալապանեան) ընտանիքը Վանէն Սքոփիէ գաղթած առաջին հայ ընտանիքներէն մէկն էր: Պալապանով եղբայրները կը զբաղուէին նուռի առեւտուրով: Հաստատուած էին Շթիպ քաղաքը« գործունէութիւն ծաւալելով քաղաքի հասարակական կեանքին մէջ: Ինչպէս կը յայտնէ Սքոփիէի հայ ճարտարապետ Ժասմինա Պալապանեանը« իր գերդաստանի անդամներէն՝ Մանուէլ Պալապանեանը« քսաներորդ դարուն եղած է Շթիպի քաղաքապետը: Իսկ արդէն իր հայրը՝ Քոսթա Պալապանեանը« եղած է Ճափոնի պատուաւոր հիւպատոսը Սքոփիէի մէջ: Ժասմինան կÿաշխատի Սքոփիէի թանգարանը« ուր ցանկութիւն կայ հաւաքագրելու Սքոփիէի հայկական ժառանգութիւնը: Նաեւ աշխատանքներ կը տարուին հայկական դպրոց բանալու ուղղութեամբ: Դպրոցին մէջ կը նախատեսուի ուսուցանել հայոց լեզու եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւն« երգ-երաժշտութիւն:
Նախկին հայաստանցի« այժմ Սքոփիէ բնակող խեցեգործ-կաւագործ Արմինէ Փիլոյեան-Վրտեսկայի վկայութեամբ« ամենայն հաւանականութեամբ շաբաթօրեայ դպրոցը պիտի բացուի 2009-ի Հոկտեմբերին« ուր պիտի յաճախեն 5-65 տարեկան հայեր: Երեխաներու թիւը մօտ 25 է« նոյնքան պատանիներ ու մեծահասակներ ցանկութիւն յայտնած են սորվելու: Ցաւալին այն է« որ դպրոցը դեռ իր մշտական շէնքը չունի« եւ աշխատանքներ կը տարուին սեփական շէնք ձեռք բերելու ուղղութեամբ:
Շուտով ՀՀ Սփիւռքի« Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութիւններու օժանդակութեամբ հայերէն դասագրքեր եւ մեթոտական ուղեցոյցներ պիտի ուղղարկուին Սքոփիէի հայկական շաբաթօրեայ դպրոցին:
Արմինէ Փիլոյեան-Վրտեսկան« որ ամուսնացած է Եան Վրտեսկիի հետ« 2005-էն կը բնակի Սքոփիէ: Արմինէն ամէն տարի քանի մը անգամ կը կազմակերպէ իր կաւէ աշխատանքներու ցուցահանդէսները: Իսկ ամուսինը՝ Եանը« հայ-սքոփիէյական ընկերութեան նախագահն է: Կը նախատեսուի նաեւ« որ շուտով Հայաստանէն խաչքար տեղափոխուի ու տեղադրուի Սքոփիէի քաղաքին մէջ:
Թէեւ հայ համայնքը փոքրաթիւ է՝ 300 հոգի« 60 ընտանիք« կան մեծ թիւով յայտնի հայեր: Մեծ թիւ կը կազմեն յայտնի հայ բժիշկները« յատկապէս Քանդիկեանը« Խուրդեանը« Դաւիթեանը« Քնալեանը եւ այլք:
Յայտնի են նաեւ բանաստեղծ Լիլիանա Դիրեանը« նկարչուհի Տաֆինա Պալապանեանը« ամենայայտնի ռոք խումբն է »Bread and Salt«ը« որու մեներգիչ Դաւիթեանը կը շրջագայի Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ« եւ մեծ համարում ունի երիտասարդներու շրջանակներէն ներս: Վերջերս ֆրանսական շարժապատկերի օրերու ծիրէն ներս Սքոփիէ գտնուեցաւ Շարլ Ազնաւուրը« որ հանդիպեցաւ հայ համայնքին հետ: