
ՄԱՏՐԻՏ.- Ապրիլի 11-ին, Սպանիոյ խորհրդարանէն ներս, տեղի ունեցաւ երկկողմանի նիստ, տեղացի եւ հայ պատգամաւորներու միջեւ, նիւթ ունենալով.- “Մարտահրաւէրները Հայաստանի Եւրոպայի Ճանապարհին“:
Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն ելոյթ ունեցան Հ.Հ. գործերու Հաւատարմատար Խորէն Տէրտէրեան, եւ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ` Սամուէլ Ֆարմանեան եւ Վահան Յովհաննիսեան: Այս վերջինները հանդէս եկան շարք մը խնդիրներով: Նիստը վարեց Սպանիոյ Խորհրդարանի եւ Արտաքին Գործերու Կոմիտէներու նախագահներ` Ալեխանտրօ Մունոզ Ալոնսօ Լետօ եւ Խօսէ Մարիա Պենեյտօ: Նաեւ ներկայ էր լրագրող հեղինակ Խօսէ Անթոնիօ Գուռիարան:
Նիստին մասնակցեցան պատգամաւորներ, մտաւորականներ, հայ եւ սպանացի պատասխանատու անձնաւորութիւններ, եւ Սպանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբը, հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ կը գնահատէ այս նիստին կայացումը, մանաւանդ որ եռանդ գոյութիւն ունի երկու երկիրներուն ներկայացուցիչներուն միջեւ: