
Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ի նպաստ քուէարկութէնէն ետք, Հալէպի հայկական թաղերը բռնօրէն կը ռմբակոծուին:
Անցնող քանի մը օրերուն, Նորին Սրբութիւնը հեռաձայնային մնայուն կապի մէջ է Առաջնորդ Շահան Սրբազանին հետ եւ մօտէն կը հետեւի Հալէպէն ներս տիրող ապահովական կացութեան, գոհունակութեամբ հաստատելով, որ հակառակ տիրող անապահով պայմաններուն, Հալէպի հայութիւնը կը շարունակէ իր ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային կեանքը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հաստատեց, որ Առաջնորդ Սրբազանը եւ համայնքային պատասխանատուները մնայուն ներկայութիւն են ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Կարեւոր թիւով հայորդիներ իրենց բնակութիւնը հաստատած են Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Քեսապի եւ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ։ Ազգային Իշխանութիւնը աշխատանքի լծուած է յիշեալ շրջաններէն ներս եւ կը հետեւի ազգային-եկեղեցական կեանքին առաւել կազմակերպման։
«Ճիշդ է, որ մեր ազգային կեանքէն ներս ունինք այլ առաջնահերթութիւններ, սակայն Սուրիոյ հայութեան զօրակցութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն։ Հետեւաբար, պէտք է շարունակել զօրակցիլ Սուրիոյ հայութեան» կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը։