Լրահոս

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ ԵՒ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

 Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Մասաչուսէցի եւ Րոտ Այլընտի մէջ կատարուեցան Սուրիահայութեան նուիրուած հաւաքներ եւ հանգանակութիւն: Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 11-ի երեկոյեան Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, ապա Կիրակի    Հոկտեմբեր 14-ին, Փրովիտընսի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ կատարուեցաւ այլ ձեռնարկ մը:

 Երկու հաւաքներուն ալ խօսք առաւ “Հայրենիք“ի նախկին խմբագիր` Խաժակ Մկրտիչեան, որ ներկայացուց ներկայ իրավիճակն ու գաղութին գրաւած դժուարութիւնները: Ապա կատարուեցաւ հանգանակութիւն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button