Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին Մէջ Քրիստոնէական Միասնութեան Աղօթք
Յունուար 25-ինՙ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Մովսէս վարդապետ Սարգսեան։
Սրբազան արարողութեան աւարտին, Ամենայն Հայոց Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ քրիստոնէական միասնութեան աղօթք՝ որպէս ամփոփում Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կողմէ Յունուար 18-25 կազմակերպուած ամենամեայ Քրիստոնէական միասնութեան աղօթքի շաբթուան, որ այս տարի նուիրուած էր Հայաստանին։
ԱղօթքիՇ նիւթերը պատրաստուած էին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ կազմուած էին Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Արեւագալի ժամերգութիւն»ին հիման վրայ։ Անցնող շաբաթուան ընթացքին ամբողջ քրիստոնէական աշխարհը աղօթեց հայկական աղօթքներով՝ տասնեակ լեզուներով թարգմանուած։
Քրիստոնէական միասնութեան աղօթքի շաբթուան այս տարուան խորագիրն էր «Մէկ մարմին եւ մէկ հոգի»։ Այս խորագիրին ներքոյ աշխարհի քրիստոնեաները աղօթք բարձրացուցին հայ ժողովուրդին եւ Հայոց Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական միասնութեան եւ համերաշխութեան համար։

