ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱՅ ԳԱ­ՂՈՒ­ԹԸ ՏԱԳ­ՆԱ­ՊԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 43 Second

Նոր Գիւ­ղի շրջան…Զա­րեհ Վե­հա­փա­ռի եւ Արս­լան­եան պո­ղո­տա­նե­րու մօտ տե­սա­րան մը
ՀԱ­ԼԷՊ.- Հա­յաս­տան­եան կարգ մը թեր­թեր հե­տե­ւո­ղա­կան ձեւով կ՛ան­դա­դառ­նան Սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի եւ յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի ներգ­րա­ւած դժուա­րու­թիւ­նե­րուն մա­սին: Շա­բա­թաս­կիզ­բին, կա­տար­ուե­ցան զրոյց­ներ Բեր­իոյ Թե­մի Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բեր Ժի­րայր Ռէ­յիս­եա­նի հետ, որ հաս­տա­տեց թէ Հա­լէ­պի կարգ մը թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ կրկին կրա­կոց­նե­րը եւ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նակ­ուին: Յատ­կա­պէս հա­յա­հոծ Նոր Գիւ­ղի շրջա­նին մէջ նիւ­թա­կան մեծ վնաս­ներ կրած են հա­յա­պատ­կան տար­բեր շի­նու­թիւն­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ, սա­կայն, բա­րե­բախ­տա­բար, վեր­ջին օրե­րուն մարդ­կա­յին զո­հեր չեն ար­ձա­նագր­ուած:

Ռէ­յիս­եա­նի հա­մա­ձայն, առա­ւել վտան­գա­ւոր են այն շրջան­նե­րը, ուր տե­ղա­կայ­ուած են ար­ձա­կա­զէն­նե­րը: Անոնց փամ­փուշտ­նե­րը կրնան վնաս հասց­նել, բայց մար­դիկ կը զգու­շա­նան եւ կը խու­սա­փին այդ փո­ղոց­նե­րուն մէջ եր­թե­ւե­կե­լէ: Հա­լէ­պի մէջ առ­կայ ջու­րը հետզ­հե­տէ դար­ձած է անգ­տա­նե­լի, նա­եւ պար­բե­րա­բար կ՛ընդ­հատ­ուի ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը: Աշ­խա­տանք տար­ուած է որ ջրա­մա­տա­կա­րա­րու­մը վե­րա­կանգն­ուի, նա­եւ ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը:

Բեր­իոյ Թե­մի Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բե­րը նշեց թէ, հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն փակ մնալ, հա­կա­ռակ անոր որ դպրոց­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը ար­դէն կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­ներ կը տա­նին: Յա­տուկ աւար­տա­կան դա­սա­րան­նե­րուն հա­մար, որոնք հա­մալ­սա­րան մտնե­լու սե­մին կը գտնուին, աւե­լի ապա­հով վայ­րե­րու մէջ ար­դէն դա­սըն­թացք­ներ կը տրուին: Ռէ­յիս­եան կը վստա­հեց­նէ, որ անա­խորժ անակն­կալ­ներ եւ նո­րա­նոր բար­դու­թիւն­ներ չար­ձա­նագր­ուե­լու պա­րա­գա­յին Հոկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը բա­նան իրենց դռնե­րը: Մինչ այդ իրենց դռնե­րը բա­ցած են միայն “Լա­զար Նա­ճար­եան“, “Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան“, “Կրթա­սի­րաց“ եւ “Բե­թէլ“ վար­ժա­րան­նե­րը, իսկ մնաց­եալ կրթօ­ճախ­նե­րը ցնոր տնօ­րի­նում կը մնան փակ:

Ազ­գա­յին “Քա­րէն Եփ­փէ“ Ճե­մա­րա­նի տա­րած­քը տա­կա­ւին կը նկատ­ուի վտան­գա­ւոր գօ­տի: Այդ պատ­ճա­ռով յա­տուկ դա­սա­ւո­րում մը կա­տար­ուած է 12րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րուն հա­մար, որոնց հա­մար վե­րա­մու­տը սկսած են այլ ապա­հով կեդ­րո­նի մը մէջ:

Տնտե­սա­կան ծանր իրա­վի­ճակ ստեղծ­ուած է, բազ­մա­թիւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ փակ­ուած են եւ ան­գործ­նե­րուն թիւը բարձ­րա­ցած է: Ռէ­յիս­եան կը շեշ­տէ թէ վնաս­ներ կրած են եկե­ղե­ցի­ներ, մզկիթ­ներ, կա­ռոյց­ներ, որոնց վե­րա­շի­նու­թեան մա­սին խօ­սի­լը դեռ շուտ է:

Անդ­րա­դառ­նա­լով այլ շրջան­նե­րու մա­սին, կա­ցու­թիւնը նոյ­նը չէ Դա­մաս­կո­սի, Գա­միշլիի, Քե­սա­պի եւ Լա­թաք­իոյ մէջ, ուր հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը ար­դէն սկսած են գոր­ծե­լու: Նկա­տի առ­նե­լով, որ հա­մե­մա­տա­բար  իրա­վի­ճա­կը աւե­լի խա­ղաղ է, բա­ցած են հայ աշա­կեր­տու­թեան դի­մաց: Նշենք, թէ Սուր­իոյ տա­րած­քին կան մօտ 38 հայ­կա­կան ամէ­նօր­եայ եւ կի­րակ­նօր­եայ վար­ժա­րան­ներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles