
Արցախի Հանրապետութեան մէջ նշուեցաւ Սումկայիթի ջարդերու 25-րդ տարելիցը: Ստեփանակերտի յուշահամալիրը ունեցաւ բազմահազար այցելուներ: Քառորդ դար առաջ 27-29 Փետրուարին խորհրդային Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները այս օրերուն Արցախի մէջ ցաւով նշուեցաւ:
Պաքուի մօտակայ այդ քաղաքին մէջ ազերի իշխանութիւններուն առնուազն արտօնութեամբ` սկսաւ հայ բնակչութեան բնաջնջում, որուն կ՛ուղեկցէր հայերու ունեցուածքի թալանը եւ ոչնչացումը: Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան լռութեան պայմաններուն մէջ երեք օրուան կոտորածներու ընթացքին վիրաւորուեցան եւ սպաննուեցան տասնեակ մը մարդիկ: Սպաննուածներուն մէկ մասը տանջամահ եղած էր, իսկ դիակները այրուած էին: Սակայն, մինչեւ այսօր այս իրադարձութիւններուն քաղաքական գնահատական չէ տրուած:
“Հայ համաքաղաքացիներու սպանդը չարժանացաւ ատրպէյճանական հասարակութեան դատապարտման, աւելի՛ն` ջարդարարները հերոսացան եւ իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ ատրպէյճանցի ժողովուրդին գիտակցութեան մէջ քառորդ դար շարունակ արմատաւորուեցաւ “հայու սպանութիւնը ոճիր չէ, այլ` պատիւ“ մտայնութիւնը“, կ՛ըսուի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու երէկ տարածած յայտարարութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սումկայիթի ողբերգական իրադարձութիւնները պարարտ հող ստեղծեցին եւ նպաստեցին հայերու եւ ամէն հայկականի նկատմամբ կոյր ատելութեան հետագայ սաստկացման, ինչ որ հետեւողականօրէն եւ յաջողութեամբ կը սերմանուի Ազրպէյճանի եւ անոր հասարակութեան մէջ:
Աշխարհի զանազան գաղթօճախներէ ներս, վերջին օրերուն կատարուեցան Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի ջարդերու 25-ամեակին նուիրուած հաւաքներ եւ ցոյցեր: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ուաշինկթընի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, բողոքի ցոյց մը կատարուած է` դատապարտելով Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի հայկական ջարդերը:
Ցուցարարները բողոքած են Ատրպէյճանի կատարած ոճիրներուն դէմ‘ յատկապէս նշելով նաեւ Հին Ջուղայի 1300ամեայ հայկական գերզմանատան եւ հայկական բազմաթիւ խաչքարերու քանդումն ու սրբապղծումը: Պարզուած էին պաստառներ.- “Արդար դատաստան` Գուրգէն Մարգարեանին սպաննած ոճրագործին համար“, “Մենք կը յիշենք Սումկայիթը“, եւայլն: Ցուցարարները ոգեկոչեցին ազերի բարբարոսութեան հետեւանքով զոհուածներուն յիշատակը‘ միաժամանակ արտայայտելով իրենց հաստատակամութիւնը‘ սատար կանգնելու Արցախի անկախ հանրապետութեան ժողովուրդին եւ ապահովելու անոնց երկարատեւ խաղաղութիւնը: Այլ ցոյցեր կատարուեցան, զանազան գաղթօճախներէ ներս: Տարբեր ձեռնարկների ելոյթներով Նիւ Եորքի մէջ յիշատակը յարգուեցաւ Սումկայիթի հայ զոհերուն:
Փետրուար 24-ին Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան տաճարէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստի արարողութիւն` Ա.Մ.Ն. Արեւելեան հայոց թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ եւ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հ.Հ. մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեանի, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչների ու ամերիկահայերու (ներառեալ Ատրպէյճանէն մազապուրծ փախած եւ Ամերիկա բնակութիւն հաստատած մեծ թիւով հայերու) մասնակցութեամբ: Օրուայ հիմնական բանախօս դեսպան Նազարեանը իր ելոյթին մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ անհրաժեշտ է արթուն կեցուածք որդեգրել Ատրպէյճանի կողմէ նոր թափով իրականացուող վտանգաւոր քարոզչութեան դէմ, որն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ներառեալ Ամերիկայի փորձ կը կատարուի նենգափոխել մեր տարածաշրջանէն ներս ապրող ժողովուրդներու պատմութիւնը` հանդէս գալով զոհի դերի մէջ եւ ծածկելով իր ցեղասպան քաղաքականութիւնը ընդդէմ հայերու:
ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ
Տեղւոյն Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANC Australia) սումկայիթեան ջարդերու 25-րդ տարելիցի կապակցութեամբ քարոզչական արշաւի դիմած է: Յանձնախումբը տարածած է հաղորդագրութիւն մը իր արշաւի մասին, որու նպատակն է Աւստրալիոյ օրէնսդիր իշխանութիւններուն իրազեկել Սումկայիթեան ջարդերու, Արցախի հիմնախնդրի եւ Ատրպէյճանի վարած ապակողմնորոշող քաղաքականութեան մասին:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեանը նշած է. “Սումկայիթեան ջարդերու 25-րդ տարելիցը եւս մէկ անգամ մեզ կը պարտաւորեցնէ սատար կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին, միասին շարունակել պայքարը յանուն անկախութեան: Շատ կարեւոր է լայն հանրութեանը ներկայացնել Արցախի հայերու վերապրած սարսափները“:
Հայ Դատի տարիներու ընթացքին գործադրած ջանքերը յաջողութիւն արձանագրած են այն իմաստով, որ շարք մը օրէնսդիրներ միացած են հայերու պայքարին եւ ճիգ գործադրած են Արցախի խնդիրները բարձրաձայնելու վերաբերեալ: Անցեալ տարի օրէնըսդիր խորհուրդի անդամ Ուոլթ Սեքորթը ճանչցած էր սումկայիթեան ջարդերը, իսկ մէկ այլ անդամ Մարի Ֆիկարայի Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգի խորհրդարանի Վերին պալատին ներկայացուցած Արցախի ճանչցող բանաձեւը անցած էր միաձայնութեամբ:
ՊԵԼՃԻՔԱ
Մարտ 3-ին Պրիւքսէլի Սուրբ Մարիամ-Մագդաղենացի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ` նուիրուած Սումկայիթեան նահատակներու 25-րդ տարելիցին:
Իսկ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ու “Հայասա“ հայ ուսանողներու միութիւնը, ի յիշատակ սումկայիթեան ոճրագործութեան զոհերուն, կազմակերպած է բողոքի ցոյց Պելճիքայի Թագաւորութեան մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ:
Հաւաքին յաջորդեց ներկաներու երթը դէպի Պրիւքսէլի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարը: Յուշակոթողի մօտ Պելճիքայի ՀՀ դեսպան Աւէտ Ադոնց եւ ՆԱԹՕ-ի մօտ ՀՀ առաքելութեան ղեկավար Արմէն Եդիգարեանը, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ միասին զետեղեցին ծաղկեպսակներ: Այնուհետեւ մատուցուեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն, որուն յաջորդեց Պելճիքայի մէջ Հ.Հ. դեսպանի ելոյթը:
ՀՈԼԱՆՏԱ
Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Փետրուար 27-ին տեղի ունեցաւ ցոյց Ատրպէյճանի դեսպանութեան շէնքին դիմաց` ընդդէմ ատրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ սումկայիթեան ջարդերու 25-ամեայ տարելիցի կապակցութեամբ: Ցոյցի մասնակիցները իրենց բողոքը արտայայտեցին “Սումկայիթ, Պաքու, Մարաղա, Կիրովապատ, դադրեցուցէ՛ք ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը“, “Ինքնորոշում Լեռնային Ղարաբաղին“, “Մենք չենք մոռնար Սումկայիթի ջարդերը“ կարգախօսներով պաստառներով:
Մէկ օր առաջ, Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպեցան Հոլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ, փոխանցեցին Հայ Դատի Յանձնախումբի պահանջագիրը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի վերաբերեալ եւ տեղեկութիւն տրամադրեցին սումկայիթեան ջարդերու եւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան մասին:
ՄԻԼԱՆՕ
Իտալիոյ երկրորդ քաղաքին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով արտօնուած եւ հրաւիրուած է նաեւ Արցախի տաղաւարը` մասնակցելու զբօսաշրջային միջազգային ցուցադրութեան, որուն բացումէն քանի մը ժամ ետք, Արցախի տաղաւարին կից գտնուող ատրպէյճանական տաղաւարի պատասխանատուն բողոքած է: Նոյն գիշերը Արցախի տաղաւարէն գողցուած են արժէքաւոր գիրքեր եւ այլ առարկաներ: Իսկ ապահովութեան պատկան պատասխանատուն մերժած է ընդառաջել ատրպէյճանական բողոքին` դիտել տալով, որ նման ոչ քաղաքակիրթ ընթացքով Ատրպէյճան կրնայ զրկուիլ յառաջիկային նման ցուցահանդէսի մասնակցելէ:
ՎԻԵՆՆԱ
Փետրուար 24-ին, հարիւրաւոր հայեր երթ կազմակերպեցին Վիեննայի կեդրոնական ծառուղիներէն, յիշեցնելով 1988 թուականի Փետրուարին Սումկայիթ քաղաքէն ներս հայերու ջարդերը` կազմակերպուած ատրպէյճանցիներուն կողմէ:
Ցուցարարները կը կրէին Հայաստանի, Արցախի դրօշակներ, ինչպէս նաեւ պաստառներ, դատապարտելով Սումկայիթի մէջ 25 տարի առաջ հայ քաղաքացիական անմեղ բնակչութեան դէմ ոճիրները: Անկէ առաջ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Աւստրիայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան կոչով, հաւաք կազմակերպուեցաւ Ղարաբաղեան շարժման 25-րդ տարեդարձի եւ Սումկայիթի զոհերու տարելիցին առիթով: Առաւօտեան Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ Տիգրան քահանայ Պետրոսեանը հոգեհանգստեան կարգ կատարած էր` Սումկայիթի զոհերու հոգիներուն համար: Ներկայ էին Վիեննայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեանը, հայ պատգամաւորներ Արտաշէս Գեղամեանը, Ստեփան Տէմիրճեանը եւ Խաչիկ Յարութիւնեանը:
ՍէՆԹ ՓԻԹԸՐԶՊՈՒՐԿ
Սուրբ Կատարինէ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս քահանայ Չոփուրեանը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց: Համայնքի ներկայացուցիչները ծաղիկներ զետեղեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ եւ մեծ ու փոքր դուրս եկան Նեւսկի պողոտայ` Սումկայիթի ջարդերու մասին տեղեկատուական թերթիկներ բաժնելով:
Անձնական վկայութիւնով հանդէս եկաւ 1988-ի ջարդերու մասին` Սումկայիթի մէջ իր մանկութիւնը անցուցած Օլիա Մեղրեանը, որ յիշեց վայրագ ջարդարարներու զոհը դարձած դասընկերներու եւ հարազատներու պարագան: Միւս կողմէ Մոսկուայի մէջ մերժուած է ընդառաջել Խոճալուի դէպքերուն առիթով ատրպէյճանական հաւաքի մը կազմակերպումի դիմումին:
ՍՈՖԻԱ
Պուլկարիոյ մայրաքաղաքի “Երեւանեան“ պուրակէն ներս զետեղուած հայկական խաչքարին մօտ ծաղկեպսակներու արարողութիւն տեղի ունեցաւ:
Ներկայ էր Պուլկարիոյ մօտ Հ.Հ. դեսպան Արսէն Սհոյեանը: Արարողութենէն յետոյ Սոֆիայի “Սուրբ Աստուածածին“ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ:
Հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Փլովտիվի, Վառնայի, Պուրկասի մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆ
Սումկայիթի եղեռնագործութեան 25-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին Սումկայիթի զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան Լիբանանի հայկական երեք յարանուանութիւններու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Պատարագէն ետք Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք: Յաջորդաբար խօսք առին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով Յակոբ Կէրկէրեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ Գեղամ արք. Խաչերեան: Պատգամախօսները շեշտեցին զոհերուն յիշատակը յարգելու, ատրպէյճանական խեղաթիւրումները հերքելու, միջազգային ընտանիքէն արդարութիւն եւ դատապարտում պահանջելու հրամայականները:
ՊԱԹՈՒՄ
Պաթումի հայերը հաւաքուեցան “Սուրբ Փրկիչ“ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մօտ‘ յարգելու համար սումկայիթեան եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակը:
Աճարիայի հայերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Արարատ քհնյ. Գումբալեանը մատուցեց հոգեհանգստեան պատարագ: Նոյն օրը Պաթումի “Բարեկամութեան տան“ նիստերու դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ Աճարիայի Երիտասարդներու “Սումկայիթեան ջարդերից 25 տարի անց“ թեմայով սեմինար:
Բանախօսները վերջաւորութեան պատասխանեցին ներկաներու բազմաբնոյթ հարցումներուն: Պուլկարացի լրագրող Ցվետանա Փասկալեւայի ֆիլմը ցուցադրուեցաւ:
***
Սէուլի մէջ (Հարաւային Քորէա) հայ ցուցարարներ բողոքած են Սումկայիթի ջարդերուն տարելիցին առիթով: