Լրահոս

Սերժ Թանգեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէսը՝ Կազմակերպութեամբ  Ամերիկայի Հայկական Թանգարանին

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց)․– Ամերիկայի Հայկական Թանգարանի կազմակերպութեամբ, Սեպտեմբեր 6-ին, բացումը պիտի կատարուի հանրահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանգեանի գործերու ցուցահանդէսը, որ կը կրէ “The Art of Disruption” («Խանգարման Արուեստը») անունը։

Քարըլայն Մուկարի եւ Ալըն եւ Իզապէլ Տէր Ղազարեան Հիմնարկին կողմէ հովանաւորուած այս ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ Ռայըն Քէյսին։

“Ցեղային Դատ”․- “Ethnic Cause,” 2016, giclee archival pigment print, 22 x 27.5 in.

Ներշնչուած 2024-ին լոյս տեսած, իր  յուշագրութենէն «Down with the System» («Համակարգին տապալումը»), ան պատրաստած է գեղանկարչական գործեր, որոնք կը ներկայացնեն իր խոր զգացումներն ու ապրումները։

Ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած են բնօրինակ նկարներ, երաժշտութիւն, տեսանիւթեր եւ անձնական յուշեր՝ ներկայացնելով մօտիկ ու անմիջական պատկերացում մը։

“Ովկիանոսէն մեղեդիներ”, “Les Ocean Melodies,” 2023, acrylic on canvas, 60 x 72 in.

«Մեծ պատիւ մըն է մեզի համար ներկայացնել այս յիշատակելի ցուցահանդէսը, որ կը պատկանի մեր ժամանակներու ամենէն համոզիչ ձայներէն մէկուն։ Սերժի նուիրումը ճշմարտութեան ու արդարութեան խորապէս կը հնչէ մեր առաքելութեան հետ, եւ մենք ոգեւորուած ենք բաժնելու իր պատմութիւնը, ներկայ հանդիսատեսներուն հետ», ըսաւ Ամերիկայի Հայկական Թանգարանին գործադիր տնօրէն Ճէյսըն Սոհիկեան։

Ցուցադրուած բոլոր գործերը վաճառքի պիտի դրուին եւ հասոյթները պիտի ծառայեն Ամերիկայի Հայկական Թանգարանին առաքելութեան։ Տեղի պիտի ունենայ տեսանիւթի ցուցադրութիւն։

Բոլոր գործերուն կ՛ընկերակցի երաժշտութիւն, որուն հեղինակն է նոյնինքն Սերժ Թանգեան։

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար 28, 2026։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել․- www.armenianmuseum.org/serj-tankian

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button