Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակին.- «Մնացորդաց Կարդալու Օրն Ալ Կու Գայ, Տղա՛ս»

0 0
Read Time:3 Minute, 59 Second

p14new1
Տէր Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան
Ոչ թէ մէկ, այլ բազում անգամներ լսած եմ այս բառերը այն ուսուցիչէն, որուն համար Հայ լեզուն պաշտամունքի հասնող սէր ունէր եւ գրականութիւնը ու մանաւանդ բանաստեղծութիւնը եղած էր ինքնաբուխ հոսք այն զեղուն կեանքին, զոր ան ապրեցաւ հայ գրականութեան սեղանի կատարեալ սպասարկութեամբ: Խօսքը կը վերաբերի բանաստեղծ-ուսուցիչ Սարգիս Կիրակոսեանին:
Պատանիներ էինք՝ մատղաշ տարիքէն դպրեվանք մտած, այն համոզումով որ մեղուի իմացական փեթակը լեցնելու լաւագոյն բուրաստանը հոն կը գտնուէր, Պիքֆայիայի մէկ ժայռոտ բարձունքին վրայ հանդարտօրէն նստած, բայց մի՛շտ լեցուն եռուզերով: Եւ հոն հանդիպեցայ իմ հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչին:
Դպրեվանքի մեր մուտքը եղաւ գրեթէ նոյն տարեշրջանին, 2004-2005. ինք իբրեւ տարիներու փորձառու ուսուցիչ ու հանրածանօթ մտաւորական, ես իբրեւ համբակ աշակերտ, ինծի համար հայ լեզուի գաղտնիքներու փակ աշխարհը մտնելու պատանեկան քայլերով:
Տարիներու ընթացքին իր դասաւանդութեան պահերը աւելցան ու ան սկսաւ մնայուն ներկայութիւն դառնալ դպրեվանքին մէջ. զինք կը տեսնէինք գրեթէ ամէն օր ու ամէն առիթի: Մուտք կը գործէր առաւօտեան աղօթքէն քիչ մը առաջ ու երբեմն անկէ ետք: Օրը կ՚անցընէր դասարանէ դասարան ու մինչեւ արեւամուտ զինք կարելի էր տեսնել սրբագրութեան հսկայ աշխատանքին տակ կքած:
Դասարան մուտք կը գործէր իրեն յատուկ քալուածքով: Դէմքի արտայայտութիւնն ու տրամադրութիւնը միշտ նոյնը չէին ըլլար: Երբ առաւօտեան առաջին պահուն մտնէր դասարան՝ գիտէինք որ միշտ ուրախ կ՚ըլլար, տրամադրութիւնները բարձր ու համբերութիւնը տակաւին նոր սկիզբ առնող: Քանի մը պահ անցնելէ ետք ու յատկապէս յետմիջօրէին՝ համբերութիւնը շատոնց կարմիր գիծերը անցած կ՚ըլլար, դէմքը քիչ մը աւելի կնճռոտած, ծխախոտի հոտը վրան վերարկու հագած: Կը կռահէինք, որ աշակերտներու կողմէ չարաշահուած էր կրկին: Դասարանի հերոսներ փորձած էին ամէն անկարելին, որպէսզի խանգարեն իր քիչ տեսնուող խաղաղութիւնը: Բարութիւնը օգտագործուած էր, պարտականութիւն մը լաւ չէր կատարուած: Երբեմն մենք ալ մեղսակից կ՚ըլլայինք այս բոլորին, չարաշահելով իր կայծակի արագութեամբ պոռթկացող բնաւորութիւնը:
Սահման չունեցող բարութիւն ունէր ան, կեանքին մի՛շտ լաւ նայելու, բանաստեղծական իւրայատուկ ասոյթներով համեմելով ամէնէն տագնապալի վայրկեանն իսկ: Զինք կարելի էր նեղացնել, անհոգութիւն փաստող ամէն տեսակ խեղկատակութիւններ ընել, բայց «ներողութիւն, պարոն» բառերն իսկ բաւարար էին իր փխրուն սիրտը շահելու ու վերստին իր «տղաս»ին արժանանալու:
Մեր սերունդը առիթը չէ ունեցած հանդիպելու այն հսկաներուն, եկեղեցական թէ աշխարհական, որոնք տողանցած են մեր ազգային-եկեղեցական երկնակամարին վրայ՝ սփիւռքեան մեր իրականութեան աւելի քան կէս դարին մէջ: Սակայն մեզի համար մեր ուսուցիչը բոլորին ներկայացուցիչն էր, գրեթէ բոլորին հետ շփում ունեցած էր, իրմէ՛ կրնայինք լսել անոնց մասին: Ի՛նք ալ իւրաքանչիւրէն բան մը սորված էր, իր փորձառութիւնը հարստացուցած: Իսկ մենք՝ աշակերտներս, առիթը չէինք կորսնցեր ազգային զանազան բնագաւառներու մէջ ծառայած ու անուն վաստկած մարդոց մասին իրեն հարցումներ ուղղելու:
Գրականութիւնը շախաղուած կը տեսնէինք իր կեանքին հետ: Գիտէինք որ գրականութեան վերաբերեալ ոչ մէկ գաղտնիք անծանօթ էր իրեն: Լսած էինք որ արեւելքէն՝ չինական, իսկ ծայրագոյն արեւմուտքէն լատին ամերիկեան գլուխ գործոցները շատոնց կարդացած էր ու կրնար անոնց մասին վստահութեամբ խօսիլ: Իրեն կը դիմէինք մեր ալեկոծ այդ տարիքին մէջ: Կ՚ուզէինք որ մեր պատանեկան ձգտումներուն ու զգացումներուն բուն հասցէն գտնել հայ թէ օտար գրականութեան աշխարհներուն մէջ: Եւ հո՛ս է որ բոլորս ալ կը դիմէինք իրեն, ուղղութիւն ստանալու ու սերմը որոմէն զանազանելու կերպը սորվելու համար: Կ՚ուզեր որ լաւ գիրքեր կարդանք. չէր ուզեր իմանալ, թէ աշակերտ մը իր ժամանակը կ՚անցընէ «մեթրօ»ներու մէջ կարդացուող արկածախնդրական հաստափոր վէպերը ընթերցելով: Գրականութեան իր երկրպագուներուն գործերը ընթերցելն ու վերընթերցելը շատ աւելի կարեւոր էին իրեն համար, քան թէ հին ու նոր բայց անորակ հեղինակներու գործերով աչքի լոյս սպառելը:
Աշակերտութեան մէջ տարածուած էր այն լուրը, թէ Պրն. Սարգիսը կրնար անմիջապէս փոթորկիլ, երբ աշակերտ մը Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց» վէպին մասին իրեն հարցներ: Ես ալ օր մը մտածեցի նման բան ընել: Ինք գիտեր որ Յակոբ Օշականի գրականութեան սիրահարներէն եմ ու կարդացած եմ իմ տարիքիս ընկալուող իր գործերը: Ուստի Հայ գրականութեան դասի նախօրեակին մտայ դպրեվանքի մեր մատենադարանը, փնտռեցի Օշականի եռահատոր «Մնացորդաց»ը, գտնելէս ետք առի ու հետս դասարան հանեցի:
Մտածեցի թէ լաւագոյն ձեւը ուսուցիչի գրասեղանին վրայ դնելն էր: Այդպէս ալ ըրի: Յաջորդ օր աշակերտներս մէկ առ մէկ մտանք դասարան: Պր. Սարգիսն ալ մուտք գործեց՝ պայուսակը ձեռքին մէջ օրօրելով: Հազիւ թէ գրասեղան հասաւ՝ տեսաւ գիրքերը ու անմիջապէս դէմքը փոխուեցաւ: Հասկցաւ թէ խաղ մըն էր եղածը: Մեզի՝ աշակերտներուս, դառնալով ըսաւ. «Այս գիրքերը ինչո՞ւ համար հոս են. ո՞վ ասոնք հոս բերաւ»: Անմիջապէս ըսի. «Ե՛ս բերի, պարոն: Կ՚ուզէի ձեզի հարցնել, թէ լա՞ւ գիրքեր են կարդալու համար»: «Տղա՛ս, դուն ո՜ւր, այս գիրքերը ո՛ւր: Դեռ երկա՜ր պիտի սպասես այս գիրքերը կարդալու ու հասկնալու համար: Հիմա ուրիշ բաներ կարդայ, «Մնացորդաց» կարդալու օրն ալ կու գայ, տղա՛ս…»:
Տակաւին այդ օրը չեկաւ: Կրնայ ուշանալ, թերեւս չկարդամ Յակոբ Օշականի գլուխ գործոցը: Բայց պիտի ուզէի կարդալ զայն ու յետոյ խօսի՛լ անոր մասին իմ ուսուցիչին հետ: Պիտի ուզէի անհասկնալի բառեր, նախադասութիւններ, պարբերութիւններ, երբեմն էջե՜ր գտնել հոն ու իրեն դիմել, բացատրութիւններ խնդրել: Իսկ հիմա աւա՜ղ, այդ առիթը այլեւս չկայ: Ինք երանութեան մէջ է, յաւիտենական խաղաղութեան ու անդորրին մէջ: Իսկ ես միշտ կը յիշեմ իր խօսքը, իր պատգամները, խրատականները, ասոյթները եւ դարերու խորքէն եկած այն իմաստուն առածը, թէ ամէն բանի օրն ալ կու գայ….Թող հոգիդ խաղաղութեան ու լոյսերու մէջ հանգչի, Պարո՛ն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles