ՌՈՒ­ՄԱ­ՆԱ­ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԱ­ՍԻՆ ԳԻ­ՏԱ­ԺՈ­ՂՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 30 Second

p10 ard roumania meeting  Ռու­մա­նա­հայ մշա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան նուիր­ուած ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­ման­իոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան եւ ռու­մա­նա­կան ակա­դեմ­իա­յին, աջակ­ցու­թեամբ Ռու­ման­իոյ Հա­յոց միու­թեան եւ ռու­մա­նա­հա­յոց թե­մին, Հոկ­տեմ­բեր 30-ին, Պուք­րէ­շի մէջ Ռու­ման­իոյ Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի մեծ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ռու­մա­նա­հայ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան նուիր­ուած մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի բա­ցում: Գի­տա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին Ռու­ման­իոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Տանի­էլ Պար­պու եւ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Համ­լէթ Գաս­պար­եան: Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս եկան Ռու­ման­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեա­ն ան­դամ­ներ  եւ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­եա­ներ, Ռու­ման­իոյ Հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Տա­թեւ եպս. Յա­կոբ­եան եւ Ռու­ման­իոյ Հա­յոց միու­թեան նա­խա­գահ Վա­րու­ժան Ոս­կան­եան:

Գի­տա­ժո­ղո­վի զե­կու­ցում­նե­րը ընդգր­կե­ցին ռու­մա­նա­հա­յոց պատ­մու­թեան, հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան հար­ցեր, որոնց վե­րա­բեր­եալ հա­ղոր­դում­նե­րով հան­դէս եկան Ռու­մա­նա­կան ակա­դեմ­իա­յի ան­դամ­ներ, Հա­յաս­տա­նի Գ.Ա.Ա. պատ­մու­թեան եւ գրա­կա­նու­թեան բա­ժան­մունք­նե­րու, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի, Երե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի, Պուք­րէ­շի, Եա­շի, Քլու­ժի, Կա­լա­ցի շարք մը ակա­դեմ­ի­ա­նե­րու հա­մալ­սա­րան­նե­րու, Լվո­վի եւ Քրամ­թորս­քի (Ուք­րա­յի­նա), Լայփ­ցի­կի (Գեր­ման­իա) եւ Ֆրան­սա­յի գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան հիմ­նարկ­նե­րու հե­ղի­նա­կա­ւոր գի­տաշ­խա­տող­ներ եւ հա­յա­գէտ­ներ:

Նշենք թէ Հոկ­տեմ­բեր 17-ին Պուք­րէ­շի մէջ “ճազ“ային կա­տա­րում­նե­րով հան­դէս եկաւ տա­ղան­դա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մաս­եան: Հա­մոյ­թը կազ­մա­կերպ­ուած էր հո­վա­նա­ւ­ո­րու­թեամբ Ռու­ման­իոյ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան: Յայ­տա­գի­րը կ՛ընդգր­կէր Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն կտոր­ներ: Նա­եւ, ելոյթ ու­նե­ցաւ այլ դաշ­նա­կա­հար մը` Հե­րի Դա­ւի­թեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles