ՌՈՒ­ԲԷՆ ՀԱԽ­ՎԵՐՏ­ԵԱ­ՆԻ ԵԼՈՅ­ԹԸ` ՊՈՍ­ԹԸ­ՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 33 Second

p11 roupen  Նո­յեմ­բեր 23-ին, Ուա­թըր­թաու­նի Հայ Մշա­կու­թա­յին եւ Կրթա­կան Կեդ­րո­նին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­նա­խըն­թաց հա­մերգ մը, ուր Պոս­թը­նա­հա­յու­թիւնը ան­գամ մը եւս ըմ­բոշխ­նեց հայ­րե­նի եր­գիչ Ռու­բէն Հախ­վերտ­եա­նը: Դեռ անց­եալ Յու­նի­սին, լե­ցուն սրա­հէ մը ներս, ելոյթ ու­նե­ցած, Հախ­վերտ­եան ան­գամ մը եւս իր շուրջ հա­ւա­քեց հոծ բազ­մու­թիւն մը:

Շուրջ երեք հա­րիւր հա­յոր­դի­ներ ներ­կայ էին այս ձեռ­նար­կին, որ կազ­մա­կերպ­ուած էր Հ.Յ.Դ. “Սար­դա­րա­պատ“ Կո­մի­տէի  եւ  Հ.Ե.Դ. “Գա­րե­գին  Նժդեհ“ մաս­նա­ճիւ­ղին կող­մէ:

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Նա­յի­րի Խա­չա­տուր­եան, որ բաց­ման խօս­քը փո­խան­ցեց, յայտ­նե­լով թէ այս երե­կոն նուիր­ուած է Ար­ցա­խի ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի 25-ամ­եա­կին, եւ ապա քա­նի մը տո­ղով ներ­կա­յա­ցուց ար­ուես­տա­գէ­տին կեն­սագ­րա­կա­նը: Իսկ, օր­ուան պատ­գա­մը փո­խաց­նեց “Հայ­րե­նիք“ի անգ­լե­րէն բաժ­նի` “Ար­մի­նըն Ուիք­լի“ի խմբա­գիր Խա­չիկ Մու­րատ­եան, որ շեշ­տեց Ար­ցա­խի վե­րաբ­նա­կեց­ման եւ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ապա­հո­վե­լու աշ­խա­տանք­նե­րուն զարկ տա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը: Ան իբ­րեւ օրի­նակ նշեց աւե­լի քան քսան տա­րի առաջ,  հա­զիւ վեց գա­րուն­ներ բո­լո­րած փոք­րիկն` Ար­տակ Բեկ­լար­եա­նի պա­րա­գան, որ կը խա­ղար Ստե­փա­նա­կեր­տի իր ըն­տա­նե­կան բնա­կա­րա­նի շրջա­փա­կէն ներս, երբ ակա­նի մը պայ­թու­մով կորսն­ցուց իր տե­սո­ղու­թիւնը, եւ հա­կա­ռակ ասոր, Ար­տակ Օգոս­տոս 2013-ին բարձ­րա­ցաւ Արա­րա­տի գա­գա­թը եւ պար­զեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րը:

Ժա­մա­նա­կը եկած էր “Երե­ւան­ցի“ին` Ռու­բէ­նին, որ­պէս­զի բեմ բարձ­րա­նայ եւ հրամց­նէ իր եր­գերն ու մե­ղե­դի­նե­րը: Եր­կու մա­սե­րէ բաղ­կա­ցած այս ելոյ­թին, ան մի­եւ­նոյն խան­դով եր­գեց հին ու նոր եր­գեր, ոգե­ւո­րե­լով ներ­կա­նե­րը: Տա­ռա­պած Խորհր­դա­յին դա­ժան օրե­րը, ապա ապ­րած վե­րան­կա­խաց­ման օրերն ու մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած` Ար­ցախ­եան շար­ժու­մին, Հախ­վերտ­եան հմա­յեց ներ­կա­նե­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եր­գա­հան­ներ` Գե­ղա­մ Մար­գար­եա­նի եւ Արտի­ոմ Մա­նուկ­եա­նի:

Թղթա­կից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles