

“USS Paul Ignatius“ եւ “USS Daniel Inouye“
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ծովուժի պատասխանատու քարտուղար Մէյպըս վերջերս պաշտօնապէս յայտարարեց թէ “Arleigh Burke“ տիպի նոր երկու ռազմանաւեր մաս պիտի կազմեն նաւատորմիղին: Այս միջին հասողութեամբ խորտանաւերը պիտի կրեն “USS Paul Ignatius“ եւ “USS Daniel Inouye“ անունները:
Նշենք, որ ամերիկահայ ծանօթ քաղաքական դէմք` Պօղոս Իգնատիոս (Փօլ Ինկէյշըս), 1967էն 1969 վարած է ծովուժի պատասխանատուութիւնը, նաեւ նախագահ Ճանսընի օրերուն, եղած է պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ,: Իսկ Տէնիըլ Ինույ` հաուայիցի նախկին ծերակուտական մըն է, որ նախապէս` շքանշաններ ստացած է Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին կատարած իր քաջագործութիւններուն առթիւ:
1920ին, Կլենտէյլ (Գալիֆորնիա) ծնած, Պօղոս Իգնատիոս զաւակն է Յովսէփ Իգնատիոսի եւ Եղիսաբէթ Ժամկոչեանի: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք Գալիֆորնիոյ մէջ ան ուսանած է Հարվըտ (Մասաչուսէց) համալսարանէն ներս եւ քանի մը տարի ալ աշխատած` Պոսթընի մէջ:
Փօլի զաւակը` Դաւիթ Իգնատիոս, աւելի ծանօթ Տէյվիտ Ինկէյշըս անունով տարիներէ ի վեր կ՛աշխատակցի “Ուաշինկթըն Փոսթ“ի հետ, իբրեւ պատասխանատու լրագրող: