
Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վաժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 27րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 16ին, իսկ Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունըցաւ Յունիս 17ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն:
Երկու հանդէսներուն, տնօրէնուհին, Տիկին Հուրի Պոյամեան, ծանրացաւ դպրոցի յաջողութիւններուն վրայ, ի մասնաւորի Աւարտական Դասարանի Հայաստան Այցելութեան եւ Պաշտօնական Քննութիւններուն մեր Բ. եւ Դ. Կարգերու աշակերտներու արձանագրած յաջողութիւններուն վրայ:
Այս տարի մեր Դ. Կարգի աշակերտներու, լեզուի միջինը եղած է Ամերիկայի ամբողջ տարածքին ստացուած ամենէն բարձր 12 առ հարիւրին մէջ, իսկ Բ. Կարգի թուաբանութեան միջինը եղած է ամենէն բարձր 15 առ հարիւրին մէջ:
Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Ուսուցչական Կազմին, Գրասենեակի Անձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, Դպրոցի Խնամակալութեան եւ Յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին:
Յունիս 17ին, Տիկին Պոյամեանը յուշանուէրով մը պատուեց Տիկին Քրիսթա (Ասլանեան) Աֆթանտիլեանը, որը 1995-էն ի վեր մեծ նուիրումով անդամ, ապա ատենապետ եղած է Կրթական Մարմնին:
Յունիս 16ին Մանկամսուրի տնօրէնը, Տիկին Մարալ Օրջանեան, ներկայացուց Փոքրերու Հանդէսի նիւթը, որն էր Հանրութեան Ծառայողները:
Իսկ Յունիս 17ի յայտագիրը հիմնուած էր Հայ Մանուկին վրայ, որովհետեւ այս տարի Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2011 Տարին Հռչակած է »Հայ Մանուկի Տարի«: Նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին հանդէսի թեման, թատերգութեամբ, արտասանութեամբ, պարով եւ երգով, որոնք համադրուած էին հմտօ-րէն հայերէնի դասատու` Տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանի կողմէ: Փակման խօսքին, մէջ Տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեանը եւ Տէր Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանը իրենց գնահատանքը յայտնեցին Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական Կազմին իրենց տարած աշխատանքին եւ նուիրումին համար:
Մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան.- Թալինա Անսրլեան, Թալին Անթոն, Քրիս Աշճեան, Հայկ Աթինիզեան, Նիքոլ Պապայեան, Ալեքսա Պալեան, Ալեք Տէր Սիրաքեան, Վանեսա Կօպըլ, Սոֆիա Կուլոբուլոս, Ալիք Հասրճեան, Սոֆիա Քահվէճեան, Վանա Գարակէօզեան, Յավհաննէս Քէհյէեան, Լեւոն Մարկոսեան, Ալեքսանտր Նալպանտեան, Էնտրու Սարգիսեան, Ֆիլիբ Սարգիսեան, Ռոպերթ Սոհիկեան, Սեւանա Սուքիասեան, Արիս Սթեֆանիս, Ալիք Ստեփանեան, Սեւանա Ստեփանեան, Բենիամին Սուրէնեան, Իզապէլ Թէնէքէճեան:
Նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղան.- Սինա Չէնկէլեան, Սիփան Չիլոյեան, Մէրի Գալստեան, Անաթասիա Կուլոբուլոս, Սարօ Գարակէօզեան, Անուշ Գրաֆեան, Լիանա Նալպանտեան, Ռիթա Օրջանեան, Սոնիա Ուրֆալեան, Ռուպինա Ոսպիկեան, Տանիեէլա Ռիզա, Ճորճ Եղիայեան:
Վկայականներու բաշխումէն յետոյ 2010-2011 Տարեշրջանի Մրցանակները տրուեցան. –
1. Հայերէն Դասընթացքներու Մրցանակներ
– Ազգային Առաջնորդարանի Մրցանակը ստացան Մէրի Գալստեան, Լիանա Նալպանտեան, Ռիթա Օրջանեան, Սոնիա Ուրֆալեան, Ճորճ Եղիայեան
– Հայ Օգնութեան Միութեան Մրցանակը ստացաւ` Ռուպինա Ոսպիկեան
– Սբ. Ստեփանոս Վաժարանի Մրցանակը ստացան` Սիփան Չիլոյեան, Սանիէլա Ռիզա
-Կրթական Յանձնախումբի Մրցանակը ստացաւ` Սարօ Գարակէօզեան
– Վկայագիրներ ստացան` Անաթասիա Կուլոբուլոս եւ Սինա Չէնկէլեան
2. Նախագահական Մրցանակները ստացան
– Ուսման Մէջ Գերազանցութեան` Ռիթա Օրջանեան, Անաթասիա Կուլոբուլոս, Լիանա Նալպանտեան
– Ուսման Մէջ Յառաջդիմութեան` Մէրի Գալստեան, Անուշ Գրաֆեան, Սարօ Գարակէօզեան
3. Վարքի Մրցանակ
– Սոնիա Ուրֆալեան, Ռուպինա Ոսպիկեան
4. Նշան եւ Արշալոյս Նաճարեան Կրթաթոշակ (800 տոլար, իւրաքանչիւրին 200 տոլար)
– Արուեստի եւ երաժշտութեան մէջ` Նարեկ Սահակեան, Սամ Սաղրեան եւ Քարիլ Աշճեան
Երաժշտութեան մէջ` Սանան Մարուխեան
5. Անթերի Ներկայութեան Մրցանակ
– Վանեսա Կօպըլ, Շանթ Գարամուսայեան, Պերճ Չէքիճեան, Արա Չէնկէլեան եւ Սինա Չէնկէլեան