ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ.- ՑՈՅՑ ԵՒ ՀԱՒԱՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 34 Second

13059854_10207628727968507_247612942_n-6Կիրակի, Ապրիլ 24-ին Պոսթընի հայութիւնը նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակը: Առաջին հերթին, աւելի քան երեք հարիւր հայորդիներ ժամանած էին քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մօտ, խաղաղ ցոյց մը կատարելու: Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւեց այս ցոյցը, որուն ընթացքին զանազան պաստառներ («Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է որ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը», «Արեւելեան Թուրքիան…Արեւմտահայաստանն է», «Հատուցում Կը Պահանջենք»…) բարձրացնելով,
13083359_10153875771097741_5724048148848819575_nցուցարարները կը պահանջէին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում:13086919_10153876042482741_6689318515546352595_o
Ցոյցը կազմակերպուած էր շրջանի Հայ Երիտասարդական Միութեան «Գարեգին Նժդեհ» մասնաճիւղին եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան կողմէ:
Հայ Երիտասարդական Միութեան «Գարեգին Նժդեհ» մասնաճիւղին կողմէ խօսք առաւ Շանթ Մարուխեան, որ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ վերատեսութեան ենթարկելու իր քաղաքականութիւնը եւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Հայ Երիտասարդական Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան անունով, խօսք առաւ Գառնի Արմենեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, այլ ցեղասպանութիւններ կատարուեցան, որովհետեւ կտրուկ պատժական միջոցառումներու չդիմուեցաւ: 13043589_10153875882612741_7203757078691914772_n-3-300x300
«Չմոռնանք Գամպոտիան, Ռուանտան, Պոսնիան, Տարֆուրը: Ցեղասպանութիւնները շարունակուեցան, որովհետեւ չդիմուեցաւ պատժամիջոցներու: Իսկ վերջերս Արցածի վրայ կատարուած ոտնձգութիւնները, ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր վրայ: Ալիեւ պիտի չկարենայ հայուն հողն ու տունը գրաւել», եզրակացուց Արմենեան:
Ապա, բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ Տիգրան Խալիկեանը, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ որ ճշմարտութիւնը բացայայտուի: Խալիկեան, նաեւ աւելցուց թէ, Էրտողանի վարչակարգը կը շարունակէ իր սուլթանական գործընթացը, շարունակ ճնշում բանեցնելով քիւրտերուն վրայ:
Ցուցարարները մեկնեցան «Ժառանգութեան Այգի», ուր աւելի քան մէկ ժամ տեւող յայտագիր մը կազմակերպուած էր: Օրուան հանդիսավարն էր Անի Զարկարեանը, որ յայտնեց թէ անվհատ եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ ու համոզումով, պիտի շարունակուի պայքարը, մինչեւ ճանաչում եւ հատուցում: Ապա, Զարկարեան բեմ հրաւիրեց Միտըլսեքսի շերիֆ՝ Փիթըր Գութուճեանը, որ իր կարգին շեշտեց թէ Մասաչուսէցի հայութիւնը պատրաստ է ամէն գնով պայքար մղելու, ի դէմ թրքական լոպիին: Նաեւ խօսք առին պատմագէտներ՝ Ատամ Սթրոմ, Սուզան Մորանեան եւ Շանթ Մարտիրոսեան:
13059921_10207628748889030_139336053_n-9
Այս հաւաքին ներկայ էին նաեւ քիւրտեր, որոնք կը ծածանէին հայրենի եռագոյնն ու Քիւրտիստանի դրօշը:
Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ելոյթ ունեցան «Սայաթ Նովա» պարախումբն ու պատանեկան «Զանգակներ» երգչախումբի անդամներ՝ Ալլա Պետրոսեան (8 տարեկան) եւ Անի Պելորեան (12 տարեկան):


Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles