
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Պելճիքայի Ֆլանտրիայի շրջանի խորհրդարանի անդամներ Քարիմ ֆան Օֆըրմէյրէ, Ուարտ Քեննես, Մարք Հենտրիքս եւ Քարլ ֆանլոուվը (նաեւ՝ Պելճիքայի Խորհրդարանի առաջին փոխ նախագահ) Մարտ 14-ին ժամանեցին Արցախ, ուր ունեցան զանազան հանդիպումներ՝ Արցախի քաղաքական, հասարակական, կրօնական եւ կրթական շրջանակներու հետ: Պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Ֆլանտրիայի Աալսթ քաղաքի դպրոցներէն պատմութեան եւ հոլանտերէնի լեզուի երկու ուսուցչուհիներ, ինչպէս նաեւ «Քոլեճ օֆ Եուրոփ»ի փրոֆեսէօր՝ Փօլ Մէյրց: Պատուիրակութեան աշխատանքները կը համադրէ Հեղինէ Էվինեան՝ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի Եւրոմիութեան հարցերով պատասխանատուն. Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն կը մասնակցին Աշխէն Ֆիքսովա եւ Ատանա Քոթանճեան: Պատուիրակութեան կ՚ընկերակցի Հ.Հ. Ազգային Ժողովի անդամ՝ Թեւան Պօղոսեանը:
Պատուիրակութիւնը այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակներ զետեղեց զոհերու յիշատակին: Ապա՝ պատուիրակութիւնը բաժնուեցաւ երկու մասի, ուսուցչուհիները այցելեցին Ստեփանակերտի դպրոցներ ուր հանդիպումներ ունեցան աշակերտութեան հետ: Այցելութիւն կը նախատեսուի նաեւ Արցախի պետական համալսարան, ուր փրոֆեսէօր Մէյրց պիտի ներկայացնէ «միջազգային բանակցային գործընթաց» նիւթը, ինչպէս նաեւ՝ Թումօ կեդրոն:
Ազգային ժողովի սրահին մէջ օրէնսդիր, գործադիր եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ լայն հանդիպում մը, որուն ընթացքին Աշոտ Ղուլեան կարեւորեց Ֆլանտրիայի ինքնութեան պահպանման ուղղուած հետեւողական պայքարը, որ ի տարբերութիւն Հարաւային Կովկասին, կ՚արտայայտուի քաղաքակիրթ երկխօսութեան միջոցով:
Քարլ ֆանլոուվը անդրադառնալով Ֆլանտրիայի եւ Արցախի ժողովուրդներու ազգային ինքնութեան պահպանման համար պայքարին, ըսաւ «Չեմ կրնար համեմատել ինքնութեան համար Ֆլանտրիայի խաղաղ պայքարը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին հետ: Դժուար է պատկերացնել, որ նման հանդիպում մը շուրջ երեսուն տարի առաջ կարելի չէր կազմակերպել այն պատճառով միայն, որ հոս պատերազմ էր»: Պելճիքայի Խորհրդարանի առաջին փոխ նախագահը կարեւորեց նաեւ ժողովրդավարութեան եւ ինքնութեան արժէքներու՝ քաղաքականութեան մէջ ունեցած նշանակութիւնը:
Իր կարգին, Քարիմ ֆան Օֆըրմէյրէ նշեց, որ այս այցելութիւնը կը խորհրդանշէ այն համակրանքը, որ իրենք ունին Արցախի՝ երիտասարդ ժողովրդավարութեան հանդէպ: «Արցախը ոչ միայն Հայաստանի ամրոցն է, այլ նաեւ՝ Եւրոպայի» ըսաւ ան: Ուարտ Քեննեսի խօսքերով՝ Արցախը քրիտոնեայ աշխարհի մէկ մասն է, որուն ան եւս կը պատկանի: Իսկ Մարք Հենտրիքս, Ֆլանտրիայի Մեխելեն քաղաքի փոխքաղաքապետ, նշեց Մեխելենի հայ համայնքին ունեցած դերը եւ հնարաւոր համագործակցութիւնը:
Արծարծուած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հնարաւոր կարելիութիւնները: