Լրահոս

Պաքուն Դատապարտող Բանաձեւեր

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2022-ի Ազգային պաշտպանութեան լիազօրութիւններու բանաձեւին (թիւ 4350) իբրեւ յաւելուած ներկայացուած եւ հայ գերիներու ազատ արձակումը ու Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու առաջարկները Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ հաստատուեցան։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն եւ յատկապէս Օրէնքներու յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ ՄըքԿավըրնին, որ արտօնած էր յաւելուածները քուէարկութեան դնելու առաջարկը:

Advertisement Subscribe Today

«Խիստ կարեւոր է, որ ամբողջական հաշուետուութիւն ունենանք փաստերու վերաբերեալ, երբ կը փորձենք պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը՝ Արցախի մէջ անցեալ տարի կատարած անոր գործողութիւններուն համար», ըսաւ Թոնի Քարտենաս, որ Էտըմ Շիֆի եւ Պրետ Շըրմընի կողմէ յաւելուած մը ներկայացուած էր, պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ գերիները եւ հետաքննել Պաքուի կողմէ գործադրուած պատերազմական ոճիրները:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button