Լրահոս

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՅՐԵՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

p4  ՊԱՔՈՒ.- Յունիս 30-ին աւարտեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնախումբին նիստը:

Հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, թէ յաջողած է Հայաստանի համար կարեւոր եւ սկզբունքային երեք ուղղում մտցնել յանձնախումբի զեկուցումին եւ վերջնական ընդունուած բանաձեւին մէջ:
Ըստ անոր, արձանագրութեան 23-րդ կէտը, որ պատրաստած էր զեկուցումին ու բանաձեւի հեղինակը` Ֆինլանտայի ներկայացուցիչ Փիա Քաուման, ընդգծած էր մասնակից երկիրներու սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը` ամրագրուած Հելսինքեան եզրափակիչ որոշումին մէջ:
Աղուան Վարդանեան աւելցուց թէ, հայրենի պատուիրակութիւնը տակաւին Երեւանէն առաջարկ ներկայացուցած էր, որուն միացած էին նաեւ այլ երկիրներէ այլ պատգամաւորներ: Կոմիտէի նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ առաջարկը, որ անցաւ, եւ արդէն այդ բանաձեւին բնագիրին մէջ աւելցան նաեւ տագնապներու խաղաղ լուծման, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրող սկզբունքները: Այսինքն` երեք սկզբունքներ ամրագրուեցան բանաձեւին մէջ: Զեկուցումին հեղինակը համաձայնեցաւ մեր առաջարկին հետ, եւ մեծամասնութիւնը քուէարկեց յօգուտ այս առաջարկին:p4 a
Քաղաքական հարցերու յանձնախումբի արձանագրութեան մէջ ալ, հայրենի պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ երկու այլ առաջարկներ եւս ընդունիլ տալ, որոնք կը վերաբերէին Սուրիոյ: Արձանագրութեան նախագիծին մէջ նշուած են ցեղային խումբերու դէմ յանցագործութիւնները դատապարտող դրոյթներ, եւ հայկական կողմին առաջարկով այդ կէտին կողքին աւելցուած է նաեւ կրօնական խումբերուն հանդէպ յանցագործութիւնները դատապարտող դրոյթը: “Նաեւ մենք առաջարկեցինք, որ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրները թոյլ չտան, որ իրենց տարածքները օգտագործուին արմատական եւ ահաբեկչական խումբերու կողմէ` դէպի Սուրիա անցում կատարելու եւ այնտեղ ցեղային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ ոճիրներ կատարելու համար: Ատիկա ուղղակիօրէն կը վերաբերի Թուրքիոյ, Քեսապի հարցերուն, եւ ազերիներուն, որոնք այնտեղ կը կռուին ու կը սպաննուին“, եզրակացուց Վարդանեան: Այսպէս հայրենի պատուիրակութեան երկու առաջարկներն ալ ընդունուեցան, երեւոյթ մը որ կարեւոր էր հայկական կողմին համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button