Պաքուի Հայ Բանտարկեալներուն Առողջական Հարցերուն Մասին Յստակ Տեղեկութիւններ Չկան

ԵՐԵՒԱՆ.- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ, իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեան հաստատեց, որ հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ Պաքուի մէջ անօրէն կերպով դատապարուած հայերուն, անոնց առողջութեան մասին տեղեկութիւններ ստանալը:
«Կարմիր խաչը վտարուած է եւ որեւէ միջազգային կառոյց չի իրականացնում անկախ գործունէութիւն մարդու իրաւունքների տեսանկիւնից, մենք նաեւ զրկուած ենք այդ հատուածական, կցկտուր պատկերային տեղեկատուութիւնից: Նախկինում խոշտանգման առանձին դրուագներ բացայայտուեցին նաեւ այդ լուսանկարների ուսումնասիրութեամբ, մինչդեռ գնալով տեղեկութիւնն աւելի ու աւելի սահմանափակ է դառնում», ըսաւ Սահակեան, ըստ որուն, այս պահուն թերեւս կարելի է պաշտօնական որոշ տուեալներ ստանալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին միջոցով, թէեւ անոնք շատ յաճախ ձեւական բնոյթի տեղեկութիւններ կը պարունակեն, օրինակ՝ գերիներուն առողջական վիճակին մասին:
Սահակեան աւելցուց նաեւ, թէ դատապարտուած հայերը չեն կրնար տրուած դատավճիռներուն ծանօթանալ: Ըստ անոր՝ ասիկա միտումնաւոր կերպով կը կատարուի. դատավճիռները չտրամադրելով` ատրպէյճանական իշխանութիւնը խոչընդոտներ կը ստեղծէ եւ միտումնաւոր կերպով կը փորձէ արգելափակել միջազգային ատեաններուն միջոցով պաշտպանուելու կարելիութիւնները:
«Մենք մտադիր ենք միջազգային իրաւական գործընթացներ մեկնարկել անհատական եղանակով` անգամ չսպասելով պետութեան որեւէ գործելակերպի: Այդ ուղղութեամբ, ի հարկէ, ջանքեր գործադրւում են: Անկախ արդիւնքից` կարծում եմ, որ հայերը հետեւողական են լինելու միջազգային հարթակներում իրենց իրաւունքների պաշտպանութեանը», եզրակացուց Սահակեան:

