ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ․․․ ԱՄԷՆ ՀԱՅՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ․․․ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՈՒՐՔ ՀԱՍՏԱՏԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ․․․

0 0
Read Time:48 Second

Հրանդ Մարգարեան

Նիւ Եորք

Հայաստան նիւթական օժանդակութիւն չունի։ Մենք հայերս ենք Հայաստանի ՄԻԱ՛Կ նիւթական յենարանը։

Չի՛ բաւեր տարին մէկ կամ երկու անգամ նուիրատուութիւն ընելը։

ՄԵՆՔ՝ ԱՄԷ՛Ն ՍՓԻՌՔԱՀԱՅ, ԻՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՊԷՏՔ Է ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՈՒՐՔ սահմանէ ինքզինքին համար, ՅԱՏԿԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԵՒ ՓՈԽԱՆՑԷ ԶԱՅՆ ՈՒՂՂԱԿԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ։

Կարեւոր չէ յատկացուելիք դրամին գումարը։ Կարեւորը ՄՆԱՅՈ՛ՒՆ ըլլալն է։

Ամէն երկիր պարտադիր եկամտային տուրք ունի։ Ա.Մ.Ն.-ի մէջ, եկամուտի 10-էն մինչեւ 40 տոկոս պետական պարտադիր տուրք կը վճարէ ամէն անհատ։

Մենք ՀԱ՛Յ ենք պատմութեամբ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ՛Ն զուգորդուած։

Ամէ՛ն ՀԱՅ, ո՛ւր որ ալ ըլլայ, կրնայ իր օրապահիկէն չնչին գումարով սկսիլ։

Մեր նուիրեալ զինուորները, կամաւորները ԿԵԱՆՔի գնով կը պահպանեն Հայաստանն ու Արցախը։

Մեր՝ «ոգի»-ի, «հաւատք»-ի, «քաջալերանք»-ի զգացումները անհրաժեշտ են եւ կենսական, եկէք ատոնք ԳՈՐԾՆԱԿԱՆԱՑՆԵՆՔ, ԴԱՐՁՆԵՆՔ ԶԻՆԱԿԱ՛Ն ՈՒԺԻ՝ վերածենք ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՈՒՐՔի- ՄՆԱՅՈԻՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ։

Տանք՝ որ պահպանենք, մեր երկիրը։

Տանք՝ որ կայունացնենք մեր ապագան։

Տանք՝ պատմութեան համար։

Տանք՝ Հայաստանի եւ Արցախի յաւերժութեան համար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles