ԳրականՅօդուածներ

Պատերազմ

Պօղոս Պօղոսեան
Երեւան
Մինակ պատերազմ
ինծի խաղաղութիւն կը բերէ
խաղաղ օրեր ինձ համար
փոթորիկ է
Մինակ արիւնլուայ
սիրտս կը յագեցնէ
երբ արիւն չթափուիր
արցունք կ’իջնէ
Մինակ մենակութիւն
ինծի հանդարտութիւն կը պատճառէ
ընկերներով պաշարուած
աւելի մինակ կը զգացնէ
Մենակութիւն մինակս
լեռներուն մէջ
Աստուծոյ մօտիկ
դրախտ է
Մենակութիւն մարդկանց մէջ
այդ մինակութիւնը մահ է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button